
Շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը Պոսթընի մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսը անցնող օրերուն ընթացքին, իւրայատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Պոսթընի երիտասարդութեան հետ, շնորհաբաշխ այցելութիւններ շնորհեց հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարանին (National Association for Armenian Studies and Research – NAASR), Ամերիկայի հայկական թանգարանին (Armenian Museum of America) եւ Ազգային ծերանոցին (Armenian Nursing & Rehabilitation Center – ANRC), ինչպէս նաեւ ի պատիւ Հայրապետին կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան երեկոյ մը։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Երիտասարդներու հետ հանդիպում-զրոյցին բարի գալստեան խօսք արտասանեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ Ծ. վրդ. Թահանեան։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նայիրի Պալճեան, որ մէջբերելով երիտասարդութեան դերակատարութեան մասին հայրապետին մտածումներէն՝ կարեւոր համարեց նոր սերունդին գործօն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին մէջ։ Հանդիպումը հերթաբար վարեցին Նայիրի եւ Քնար Գարաֆեանները եւ Անի Նալպանտեան։ Վեհափառը պատասխանեց երիտասարդներուն կողմէ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն, որոնք առնչութիւն ունէին էին հայութեան, երիտասարդութեան, Սփիւռքի, Հայաստանի, մեր մշակոյթին եւ եկեղեցւոյ կեանքին հետ։ Իր խօսքին մէջ, կաթողիկոսը շեշտեց երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, զայն լսելու եւ հայ կեանքին մէջ աւելիով ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։ Հանդիպում-զրոյցին աւարտին վեհափառը յիշեցուց, որ երիտասարդներուն տեղը մեր գաղութներու կեանքին լուսանցքին վրայ չէ եւ պէտք չէ ըլլայ. անոնց տեղը մեր կեանքի մա՛յր էջին վրայ է։ Հայ երիտասարդը, առաւել քան երբեք, պարտաւորութիւն ունի համայնքի եւ եկեղեցական կեանքին մասնակից դառնալու՝ ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ. այսպիսով ան իր ազգային ինքնութիւնը պիտի ձեւաւորէ ու պատկանելիութիւնը արմատաւորէ։
Հանդիպումը աւարտեցաւ հսկումի արարողութենէն քաղուած աղօթքներու արտասանութեամբ եւ շարականներու երգեցողութեամբ։ Ապա, երիտասարդները Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ համախմբուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Իր հովուապետական այցելութեան շրջագծին մէջ, կաթողիկոսը այցելեց Պոսթընի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային միութեան թանգարան-մատենադարանը, ուր ընդունուեցաւ միութեան գործադիր տնօրէն Սիլվա Սեդրակեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Անոնք կաթողիկոսին ներկայացուցին կեդրոնին առաքելութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն համար եւ կարեւոր համարեց կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ այս հաստատութեան միջեւ գործակցութիւն ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս առիթով, կեդրոնին գրադարանը ճոխացնելու նպատակով, կաթողիկոսը միութեան նուիրեց կաթողիկոսարանին կողմէ լոյս ընծայուած շարք մը կարեւոր հրատարակութիւններ։
Ապա, վեհափառը այցելեց Ամերիկայի հայկական թանգարանը, ուր դիմաւորուեցաւ թանգարանի վարչութեան տնօրէն Միշել Քոլիկեանի եւ վարչութեան անդամներուն կողմէ: Անոնք հակիրճ կերպով ներկայացուցին թանգարանը եւ անոր առաքելութիւնը: Յայտնենք, որ թանգարանին մէջ կը գտնուի Կիլիկիայէն հասած եկեղեցական եւ ազգապատկան իրեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ստեփանոս նախավկային մասունքը: Վեհափառը գնահատեց տնօրէնութեան բծախնդիր աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց բոլոր ծրագիրներուն։
ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Թանգարաններ այցելելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոսը մեկնեցաւ ազգային ծերանոց: Հոն դիմաւորուեցաւ կեդրոնի տնօրէն Ուէնտի Սէկրեսթի, վարչութեան ներկայացուցիչ Մանէ Ղազարեանի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Վեհափառին գլխաւորութեամբ եւ տարեցներուն ներկայութեամբ կատարուեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն, որուն աւարտին հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց տարեցները եւ անոնց բնակարանը։ Այնտեղ, վեհափառը յատուկ կերպով հանդիպում ունեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Մարի Վարդանեանին: Ազգային ծերանոց այցելութեան աւարտին, կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ կեդրոնի տարեցներուն, տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրեալ եւ ազգային ծառայութիւնը:
Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ՝ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
Պոսթընի մէջ կազմակերպուեցաւ դասական երաժշտութեան յատուկ երեկոյ մը՝ ի պատիւ վեհափառին։ Նուագախումբը ղեկավարեց Սփրինկֆիլտի հոգեւոր հովիւ Պետրոս Աւ. քհնյ. Շիթիլեան։ Նուագախումբը մեկնաբանեց միջազգային եւ հայկական դասական կտորներ: Հանդիսութեան աւարտին, վեհափառը բարձր գնահատեց տէր հայրը եւ նուագախումբի անդամները:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգին կատարումով՝ ներկաներուն երգակցութեամբ։