Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, թէ 18 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող «3+3» տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով հանդիպում մը ունեցան:
Անոնք շարունակեցին «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւնները եւ պայմանաւորուեցան շարունակել ջանքերը պայմանագիրը վերջնականացնելու եւ սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքելու ուղղութեամբ: