
ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ*
Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերը Ս. Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանին համար ցնծութեան օր էր: Օրհնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ վարժարանս այցելեցին թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, ընկերակցութեամբ թեմի Շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ Յովհաննէս սրկ. Գումրուեանի:
2024-2025 կրթական տարեշրջանի այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնը առիթ ընծայեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ հոգեւոր այցելուներուն իրարու ծանօթանալու եւ մտերմիկ զրոյցներ ունենալու:
Հիւրերը եկած էին՝ մօտէն իրազեկ դառնալու համար վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն բազմատեսակ գործունէութեան:


Վարժարանի տնօրէնութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, հիւրերը ծանօթացան Ծնողաօժանդակ մարմինի անդամներուն հետ, ապա տնօրէնութեան առաջնորդութեամբ շրջեցան դասարանները եւ ականատես եղան ընթացիկ գործունէութեան՝ մայրենիի դասեր, երգ-երաժշտութեան ժամ եւ հայկական ժողովրդական պար: Իրենց գօտեպնդիչ խօսքերով, հիւրերը ոգեւորեցին աշակերտները՝ զանոնք խրախուսելով, սիրելով սորվիլ իրենց մայրենին եւ հպարտ զգալ իրենց վեց հազարամեայ հայկական ինքնութեամբ:
Այս առիթով, անոնք աւետեցին, որ այս տարեշրջանէն սկսեալ առաջնորդարանին մէջ գործող «Փոքրիկ Հրեշտակներ» վարժարանին ընդմէջէն, վաւերական ճանաչում ստացած է Արեւմտեան Ամերիկայի վարկաւորման յանձնաժողովին (WASC-ի) կողմէ եւ շրջանաւարտ աշակերտները պիտի ստանան պետութեան կողմէ վարկաւորուած եւ վաւերացուած վկայական:
Կարճատեւ այցելութիւնը խթան եղաւ հայեցի դաստիարակութեան յանձնառութիւնը ստանձնած ուսուցչական կազմին, որուն անդամներէն ոմանք արդէն թեւակոխած են իրենց առաքելութեան 4րդ տասնամեակը:
Սերտ համագործակցութեան եւ ապագային դարձեալ հանդիպելու հեռանկարով՝ այցելուները հրաժեշտ տուին Սան Ֆերնանտօ հովիտի ծաղկուն եւ հայաշատ գաղութի կենսունակ օճախին՝ Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանին:
* Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի