20 Հոկտեմբերին, Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը այցելեց Իրանի քարաթէի մարզիկ Ահմատ Պաղերի եւ ի յիշատակ 44օրեայ պատերազմին նահատակուած իր ընկերոջ՝ Արթուր Սուքիասեանին, դեսպան Արսէն Աւագեանին յանձնեց վերջերս Դանիոյ Աալպորկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մրցումին նուաճած իր ոսկի մետալը:
Դեսպան Աւագեան բարձր գնահատեց իրանցի մարզիկին այս քայլը եւ անոր մաղթեց մարզական մեծ յաջողութիւններ եւ խոստացաւ մետալը յանձնել Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին: