Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Terrace on the Park» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին տարեկան մեծարանքի 18րդ հանդիսութիւնը։ Օրուան հանդիսավարը Վեհ Պզտիկեանն էր։ Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը՝ երգչուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեներգելով՝ կատարեց մեծարանքի հանդիսութեան բացումը։
Ապա, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ կը ներկայացնէր Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը՝ կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց սեղանները։
Ձեռնարկին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴի անդամ Արթիւր Խաչատրեան։


Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արա Չալեան փոխանցեց իր խօսքը։ «Քիչ առաջ, ձեռքի հեռաձայնիս ընծայած դիւրութիւնները օգտագործելով՝ ստուգեցի մեր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջերմաստիճանը․․․։ 43 ֆեհրընհայթ (6 Սելսիըս) է։ Կարծեմ կը հասկնաք, թէ ո՞ւր է խելքս։ Առանձին չեմ։ Բոլորս ալ հոն ենք։ Մեր Արցախն է. ամէն գնով դարձեալ անոր տիրանալը եւ մեր քաջարի արցախահայութեան իր երկիրը վերադառնալը մեր պարտականութիւնն է», ըսաւ Չալեան: Ան ներկայացուց Հայ Դատի գործունէութիւնը՝ շեշտելով, թէ անիկա հետեւողական աշխատանքն է, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է իրականացնել մեկնակէտ եւ նպատակ։
Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող ներկայացուցիչ Կրէյս Մենկը (Դեմոկրատական, Նիւ Եորք), որ խստօրէն քննադատեց Պաքուի քաղաքականութիւնը։
Ապա խօսք առին նաեւ Նիւ Եորքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթել Նասրի եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գանձապահ Սթիւ Մեսրոպեան, որոնք շեշտեցին, որ բեղուն եղաւ անցեալ տարեշրջանը։ «Մեր դէմ ցցուած անելները եւ դժուարութիւնները յաղթահարեցինք։ Նախագահ Ճօ Պայտըն պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն պատասխանատուութեան չկանչուեցաւ Ատրպէյճանի՝ Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտումին համար», ըսաւ Նասրի, իսկ Սթիւ Մեսրոպեան շեշտեց, թէ հայանպաստ զանազան բանաձեւերու յաջողութեամբ, Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործել յաւելեալ կորովով: «Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է», ըսաւ ան՝ շեշտելով, թէ այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ վարժողական յատուկ ծրագիրներու կը հետեւի եւ ըստ այնմ, ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը գործէ:
Ապա, Մեսրոպեան ներկայացուց օրուան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանակիր Անդրանիկ Պուտագեանը, որուն մօտէն ծանօթացած է տարեկան նաւապտոյտները կազմակերպելու ընթացքին։
«Շատ բան կը պարտիմ իմ ծնողքիս եւ ընտանիքիս։ Անոնք ամէն գնով ուզեցին հայրենի դաստիարակութեամբ թրծել եւ ահաւասիկ այսօր, հպարտ եմ, որ կը ճանչցուիմ գաղութին մէջ՝ իբրեւ օրինակելի հայորդի», ըսաւ Պուտագեան։

Գաղութին մէջ կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ նաեւ երիտասարդ Թոնի Վարդանեան, զոր ներկայացուց Շիքակոյի Հայ Դատի յանձնախումբի գործօն անդամ Մարալ Աբրահամեան։ Վարդանեան նշեց, թէ աննկուն պայքարելով կարելի է սուրբ նպատակին հասնիլ։ Ան նաեւ նշեց, թէ դասեր պէտք է քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն:
Օրուան վերջին պարգեւատրուողը յետ մահու տոքթ. Արա Գաբրիէլեանն էր, ներկայութեամբ իր կողակիցին՝ Արեւիկին եւ զաւակին՝ Արմէնին։
Հանդիսավար Վեհ Պզտիկեան յատուկ մանրամասնութիւններով նկարագրեց լուսահոգի տոքթ. Արան, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլալուն, բացառիկ ճշգրտութեամբ կը տիրապետէր հայերէնին։
Արմէն Գաբրիէլեան, իր հօր մասին խօսելով՝ յայտնեց, թէ որքան տպաւորութիւն ձգած է Արային կատարած հետեւողական աշխատանքը գաղութի զանազան բնագաւառներուն (ազգային, քաղաքական եւ մշակութային) մէջ։ «Հպարտ եմ, որ այսպիսի հայր մը ունեցած եմ, որ հիմա վերէն կը հետեւի եւ իր կարգին հպարտ կը զգայ», ըսաւ Գաբրիէլեան։
Օրուան փակման եւ վերջին խօսքը փոխանցեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեան, որ ամփոփելով օրուան հանդիսութիւնը՝ յայտնեց, թէ մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ձեւով սուրբ գործը շարունակել։ Ապա, ան շեշտեց, թէ միշտ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ գործի լծել։ Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, թէ պէտք է հետեւիլ Գարեգին Նժդեհի օրինակին եւ երբեք պէտք չէ վհատիլ։ «Ահաւոր դժուար եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրինք, բայց միասնաբար կարելի է յաղթահարել եւ յաղթել»։
Նախքան յայտագիրին անցնիլը կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին։ Նաեւ կազմակերպուած աճուրդին շնորհիւ գոյացաւ կոկիկ գումար մը: