
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի եւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:
Յընթացս պատարագին, կաթողիկոսը հայրապետական իր պատգամը ուղղեց Շիքակոյի հայութեան։ Ան, հիմնուելով Քրիստոսի «Ես եմ կեանքի հացը» (Յհ 6.35) խօսքին վրայ՝ ըսաւ, որ մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքին ընթացքին Ինքզինք նոյնացուց մարդկային կեանքի ամէնէն յատկանշական երեւոյթներուն հետ եւ Ինքզինք կոչեց իսկական ճամբան, կեանքը, ճշմարտութիւնը, լոյսը եւ հացը: Հացը մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ անհրաժեշտ նիւթ մըն է: Մարդը իր ֆիզիքական կեանքին համար կարիքը ունի նիւթեղէն հացին: Հացը մարդկային կեանքին հիմնական կարիքներէն մէկն է: Քրիստոս, երբ ըսաւ, թէ Ի՛նքն է կեանքի հացը, ակնարկեց անոր հոգեւոր իմաստին: Ինչպէս որ մեր ֆիզիքական կեանքին համար նիւթեղէն հացը կարիք է, այնպէս ալ հոգեւոր կեանքին համար Քրիստոսի ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, ըսաւ վեհափառը: Ապա, մանրամասնելով կեանքի հացը ունենալու կարեւորութիւնը՝ վեհափառը շեշտեց, որ Քրիստոս-հացը մեր կեանքին մէջ կրնանք ունենալ մասնակցելով սուրբ պատարագին, ուր Քրիստոս Իր մարմինը կ՛ընծայէ մեր մեղքերու թողութեան համար, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով Աստուածաշունչին փոխանցած արժէքներուն: Հայրապետը, անդրադառնալով մերօրեայ կեանքին՝ ըսաւ, թէ ի՛նչ օգուտ, երբ մեր սեղաններուն վրայ ունինք ֆիզիքական հացը, սակայն հոն պակաս է մեր հոգեւոր հացը, որ կ՛իմաստաւորէ եւ կը զօրացնէ մեր երկրաւոր կեանքը: Առանց Քրիստոսի մեր կեանքը կը կորսնցնէ իր նպատակը ու իմաստը:


Պատարագէն անմիջապէս ետք, նախագահութեամբ վեհափառին, եկեղեցւոյ 80ամեակին առիթով բարձրացուած խաչքարին օրհնութեան կարգ կատարուեցաւ. բարերարներն են Տէյվիտ եւ Սիւզի Էրիքսըն ամոլը։
Իսկ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ, ի պատիւ վեհափառին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, որուն մասնակցեցան շուրջ 200 ծխայիններ:
Ընթրիքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թալին Արթինեան: Ապա, հերթաբար խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Րաֆֆի Գրիգորեան, հոգեւոր հովիւ Սամուէլ քհնյ. Աճէմեան, թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան եւ առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան հովուապետի նկարագիրին:


Ան ըսաւ, թէ Անթիլիասը մեզմէ մղոններով հեռու կրնայ ըլլալ, սակայն իր ծառայական առաքելութեամբ միշտ ներկայ է ամերիկահայութեան կեանքին մէջ:
Պաշտօնական ճաշկերոյթին աւարտին, կաթողիկոսը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ յայտնելով, որ համայնքը անշարժ իրականութիւն մը չէ, որուն մէջ կեդրոնական դիրքը կը գրաւէ եկեղեցին: Ան շեշտեց համայնքի կեանքը վերաշխուժացնող, վերանորոգող ու հզօրացնող չորս հիմնական գործօններ՝ ներդաշնակութիւն, գործակցութիւն, ամբողջականութիւն եւ հաշուետուութիւն: Ընթրիքը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։