Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ գումարուող ՊՐԻՔՍի վեհաժողովի ծիրին մէջ, 24 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, Երեւան եւ Պաքու յայտնեցին, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարեցին շարունակել խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտի մը մէջ զայն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով: Որեւէ յառաջընթացի մասին որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ:
Կողմերը նաեւ փոխանցեցին, որ խաղաղութեան պայմանագիրէն բացի իրենք քննարկած են նաեւ սահմանազատման եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Մինչ հանդիպումը, Փաշինեան եւ Ալիեւ նաեւ ընթացող ելոյթներուն զուգահեռ շուրջ մէկ ժամ աշխոյժ կերպով կը զրուցէին ՊՐԻՔՍի վեհաժողովի ընդլայնուած նիստին ընթացքին՝ կլոր սեղանին շուրջ, ուր նստած էին կողք կողքի:

Երկու ղեկավարներուն աշխոյժ զրոյցը ողջունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, որ Փաշինեանի արտասանած խօսքէն ետք ըսաւ. «Հաճելի է արձանագրել, որ սկսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացը: Անիկա է ճիշդ ճամբան դէպի խաղաղութեան պայմանագիրը»:
Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը 80-90 տոկոսով համաձայնեցուած է, եւ որ Ատրպէյճանին կ՛առաջարկուի ստորագրել զայն: Ան նշեց, որ Հայաստան վաւերացուցած է սահմանազատման կանոնակարգը, եւ անոր ուժի մէջ մտնելէն ետք արդէն կարելի կ՛ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացը՝ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրի սկզբունքներուն հիման վրայ, իսկ Սահմանադրական դատարանի որոշումը կը փարատէ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետ կապ ունեցող մտահոգութիւնները:
Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ Հայաստան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրով պատրաստ է արեւելքը եւ արեւմուտքը, հիւսիսը եւ հարաւը կապող հանգոյց դառնալ: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանին առաջարկած են մաքսային պարզեցուած ընթացակարգ մը, սակայն, ճամբան պէտք է գործէ երկու երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելով, իսկ Հայաստան կրնայ երաշխաւորել ճամբուն ապահովութիւնը:
Ալիեւ իր կարճ ելոյթին մէջ Փաշինեանէն առաջ արդէն իսկ անդրադարձաւ տարածաշրջանային ճամբաներուն՝ նշելով. «Ատրպէյճան իր աշխարհագրական դիրքով արդէն իսկ դարձած է Եւրասիոյ կարեւոր երթեւեկի եւ այլ միջոցներու կազմակերպման կեդրոններէն մէկը: Հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք տարանցիկ միջանցքները Ատրպէյճանի տարածքով կ՛անցնին: Այդ երթուղիներու բոլոր հատուածները Ատրպէյճանի տարածքին մէջ շատ լաւ կը գործեն»: