Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ գումարուող ՊՐԻՔՍի վեհաժողովին, մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաստատեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը դէպի խաղաղութեան պայմանագիր տանող ճիշդ ճամբան է:
«Եւ այն, որ դուք յաջողեցաք այսօրուան մեր աշխատանքին ընթացքին միտքեր փոխանակել Ատրպէյճանի նախագահին հետ, արդէն դրական է մեր միջոցառումին համար», յայտնեց Փութին՝ նկատի ունենալով ժողովի սեղանին շուրջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի աշխոյժ զրոյցը:
Փութին կարեւոր նկատեց նաեւ Փաշինեանի նշած միջոցներուն կազմակերպման նախագիծերը եւ ընդգծեց, որ Մոսկուայի համար Հայաստանի դրական վերաբերմունքը Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ համագործակցութեան նկատմամբ կարեւոր է: