1 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ
Հինգշաբթի օր, Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութեամբ գումարուեցաւ «Լիբանանի եւ անոր գերիշխանութեան աջակցութեան վեհաժողով»ը:
Միացեալ Նահանգները կը բացակայէր խորհրդաժողովէն, որուն ընթացքին միջազգային այլ ուժեր քննարկեցին Լիբանանին շտապ մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու, անոր զինեալ ուժերուն աջակցելու եւ զինադադարի հաստատման ուղղութեամբ աշխատելու հարցերը:
Մաքրոն կոչ ուղղեց՝ զինադադար հաստատելու եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին խաղաղութեան պահպանման ու տեղահանուածներու տունդարձի պայմաններ ստեղծելու նպատակով քայլեր որդեգրելու:
Մաքրոն ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը թիրախ դարձնելու որեւէ արդար պատճառ չկայ: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը ներկայ պայմաններուն մէջ բոլոր լիբանանցիներու ապահովութեան երաշխաւորման վճռական դեր ունի կատարելիք, եւ իր երկիրը պիտի նպաստէ լիբանանեան բանակի վերատեղակայման եւ զինման, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի Լիբանանի իշխանութիւններուն որդեգրած քայլերուն:
Մաքրոն յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիբանանին 100 միլիոն եուրօ օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ:
«Լիբանանի հողին վրայ ուրիշներուն պատերազմը պէտք է աւարտի», ըսաւ Մաքրոն՝ աւելցնելով. «Իսրայէլի վրայ «Հըզպալլա»ի յարձակումները պէտք է դադրին»:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի մէջ բնակուած շրջաններու իր բուռն ռմբակոծումը:
Ան նշեց, որ պէտք է յարգել պետութիւններու գերիշխանութիւնը եւ պաշտպանել քաղաքայինները` Լիբանանի ղեկավարութեան կոչ ուղղելով` երաշխաւորելու պետական հաստատութիւններու, նախ եւ առաջ լիբանանեան բանակին ազդու ներկայութիւնը:
Կիւթերեշ նաեւ նշեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ուժերը թիրախ դարձնելը պատերազմական ոճիր է:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ միջազգային աջակցութիւնը կենսական է` ամրապնդելու եւ ընդարձակելու լիբանանեան բանակի դերակատարութիւնը եւ վերակառուցելու երկրին մէջ քանդուած ենթակառոյցը:
Փարիզի խորհրդաժողովի աւարտին, կարելի եղաւ մօտաւորապէս մէկ միլիառ տոլար աջակցութեան խոստումներ ապահովել։