Վերջերս, արցախցի խումբ մը լրագրողներ ներկայ գտնուեցան «Լոֆթ Իջեւան»ին մէջ ներկայացուած ցուցահանդէսին, որ Արցախի հակամարտութեան լուսաբանութեան գծով 30 տարիներու ընթացքին հայկական լրատուամիջոցներուն գործունէութիւնը կը ներկայացնէ:
«Լրատուն» լրատուական թանգարանի հինգերորդ նախագիծը ցուցադրութենէն առաջ լրամշակուած է: Ներառուած են նաեւ վերջին մէկ տարուան իրադարձութիւնները` Արցախի շրջափակումը եւ բռնի տեղահանութիւնը ներկայացնող նիւթեր:
Ըստ «Մեդիա նախաձեռնութիւնների կենտրոն»ի ծրագիրի ղեկավար Մանէ Գրիգորեանի ցուցահանդէսի ներկայացուած են նաեւ բացառիկ, տակաւին չհրապարակուած Արցախի հակամարտութեան թեմայով հարցազրոյցներ, տպագիր մամուլի օրինակներ, լուսանկարներ, յօդուածներ, արխիւային տեսանիւթեր, ռատիոհաղորդումներ, վաւերագրական ժապաւէններ, մալթիմետիա նախագիծեր:
Քանի մը օրեր առաջ, ցուցահանդէսը այցելողները կարելիութիւնը ունեցան դիտելու արցախցի լրագրող Մարիամ Սարգսեանի` «Վերջին Արցախցիները» ժապաւէնը, որ շրջափակման ամբողջ ծանրութիւնը յաղթահարած ուժեղ մայրիկներու մասին է: