

Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան Խնամակալ մարմինը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ իր ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերին, պարգեւատրուեցաւ Լապիպ Մատանաթի յիշատակին յատկացուած պարգեւատրում-արժանիքին։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած միջազգային Strategic Resource Group (SRG) քրիտոնէական կազմակերպութեան կողմէ հիմնուած այս մրցանակը կը միտի պարգեւատրել անհատներ, որոնք իրենց կեանքով եւ գործունէութեամբ կը սատարեն իրենց շրջանակներուն հոգեւոր, ընկերային եւ մշակութային բարգաւաճումին։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Նետրլանտներու (Հոլանտա) Ամսթերտամ քաղաքին մէջ։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան այս մրցանակը ստացաւ՝ մեկնելով իր երկար տարիներու Աստուածաշունչի առաքելութեան եւ բազմբաբեղուն գործունէութեան համար Միջին Արեւելքի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ։
Լապիպ Մատանաթ յորդանանցի-պաղեստինցի Աստուածշունչի գործիչ մը եղած է: Ան մեծապէս սատարած է հոգեւոր, ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութիւններու ծաւալման եւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ։ Ան մահացաւ 2021ին եւ այս մրցանակը հիմնուեցաւ յարգելու եւ վառ պահելու համար անոր գործունէութիւնը եւ յիշատակը։
Պարգեւը աման մը՝ ճափոնական մշակութային Kintsugi արուեստի նմուշ մը։ Անիկա կը խորհրդանշէ փշրուած ամանի մը կտորները, որոնք ի մի կը բերուին ոսկեայ երանգներով, որոնք վերամիանալով՝ կը ներկայացնեն փշրուած եւ վիրաւոր կեանքեր վերանորոգելու իրականութիւնը։
Շնորհաւորութիւններ դոկտ. Հրայր ճէպէճեանին այս պարգեւատրումին համար եւ նոր յաջողութիւններ կը մաղթենք անոր։
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ
ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ