
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Լօրա Ֆրիտմընի քոնկրեսական ընտրապայքարին։
Նշենք, որ Հայ Դատին զօրակցութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած Ֆրիտմըն ներկայիս թեկնածու է Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն, լեցնելու համար Էտըմ Շիֆի թափուր ձգած աթոռը։ Յիշեցնենք, որ Շիֆ կը մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն եւ ապահոված է Հայ Դատին զօրակցութիւնը։
Իր հայանպաստ կեցուածքներով ծանօթ Ֆրիտմընի նախաձեռնութեամբ՝ Սեպտեմբերին նամակ մը յղուեցաւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի կենսոլորտի պաշտպանութեան COP29 ժողովին մասնակցող Քալիֆորնիոյ բնական հարստութիւններու նախարար Ուէյտ Քրոֆութին, որպէսզի ժողովին ընթացքին լուսարձակի տակ առնէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը եւ Պաքուէն հաշուետուութիւն պահանջէ։ Նամակին մէջ կը պահանջուի յատկապէս ապահովել Պաքուի կողմէ անօրինաբար պահուող 23 հայ գերիներու եւ մօտաւորապէս 250 ատրպէյճանցի այլախոհներուն անյապաղ ազատ արձակումը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան կը յիշեցնէ, թէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ, Ֆրիտմըն նեցուկ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դասաւանդման նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն ապահոված է հայկական կազմակերպութիւններուն։
Ֆրիտմըն 2017ին այցելած էր Հայաստան եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ իր յարգանքի տուրքը մատուցած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։
5 Նոյեմբերի ընտրութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։