ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Բուսաբանութիւնը ներկայ ժամանակներուն այնքան զարգացում արձանագրեր է, որ որոշ ընդարձակ հողատարածքներ ունեցող երկիրներու մէջ մեծ թիւով ուսանողներ այս ճիւղին կը հետեւին, եւ իրենց ուսումը կ՛աւարտեն մասնագէտ բուսաբաններ հանդիսանալով:
Համաշխարհային տարողութեամբ, պատկերասփիւռի յատուկ կայաններ ամբողջութեամբ տրամադրուած են մատուցելու վերոյիշեալ նիւթին համար պատրաստուած յայտագիրներ, որոնք անտառային խիստ բնութենէն մինչեւ հում բոյսերու կամ եփուող հատիկներու ճաշակման ձեւերը կը բացատրեն իրենց ակնդիրներուն: Աւելին, բուսաբանութեան սոյն ասպարէզին մէջ յառաջդիմած անձերուն անոնք կ՛ուսուցանեն նոր կերպեր, եւ արդէն իսկ շրջանաւարտ դարձած ու գործի լծուած մասնագէտներ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին սոյն նորութիւններուն, աւելի մեծ իրագործումներ իրականացնելու հեռանկարով:
Որեւէ բոյս լաւապէս ջրելը, փոխաբերական իմաստով, մարդոց տրուած առաւել, եւ կամ չափազանցուած յարգանքի խորհրդանշական պատկերն է, եթէ հարցին մօտենանք բարոյագիտական առումով: Ճիշդ է, ուրիշներուն նկատմամբ յարգանք ցուցաբերելը շատ կարեւոր ու գնահատելի պահուածք է մեր կողմէն. սակայն ատոր չափազանցումը, յատկապէս մինչեւ սեփական անձը նուաստացնելու չափ, երկկողմանի վնաս է, թէ՛ զայն իրագործողին, եւ թէ՛ վայելողին:
Չափազանց յարգանք իրականացնողը ա՛յն համոզումով կը կատարէ զայն, որ իր անձին համեստութիւնը տպագրած ըլլայ շրջապատին միտքին մէջ. սակայն ընդունողները առաջին պահուն կրնան սովորական հասկացութեամբ ընդունիլ զայն, բայց երբ որոշ ժամանակ ետք կրկնութիւններով անմիաստ դառնայ ատիկա, կը սկսին ո՛չ միայն ծաղրանքի առարկայ դարձնել զայն, այլեւ օգտագործել կացութիւնը: Իրենց համար նպաստաւոր բոլոր իրավիճակները խեղճին համեստութեան կÿառնչեն ատոնք, եւ որովհետեւ արդէն սովորութեան վերածուած է յիշեալ դրութիւնը, համեստ անձը չի՛ կրնար փոխել իր ինքնութիւնը, այլ կը շարունակէ զոհը դառնալ կացութեան:
Խեղճ զոհերուն հետ շատ գործ ունեցողները, հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց բնականոն կեանքի որակը: Անոնք եթէ նոյնիսկ քիչ մը ողորմածութիւն կը ցուցաբերէին ծանօթի մը, այլեւս բոլորը իրենց համար անծանօթներ եւ շահագործուողներ կը դառնան, մօտիկ հարազատներէն սկսեալ…։ Ամէնէն ցաւալի իրավիճակը այն է, երբ նման մարդոց ուղեղը ո՛չ չար եւ ո՛չ ալ բարի գործերու միջեւ տարբերութիւն կը տեսնէ այլեւս, այլ իրենց սեփական շահուն համար, իրենց կեցուածքը անխնա՛յ կը վնասէ մարդոց: Նման անձեր չեն կրնար մտածել, որ հոգեպէս յաղթելու համար սէրն ու ազնուութիւնը գլխաւորաբար անհրաժեշտ են, որոնց հոմանիշ կրօնական բառը՝ «ողորմածութիւն»ն է:
Շահագործողները, իրենց խեղճ զոհերուն հետ կապուելու եւ ամէն օր վնաս հասցընելու սովորութիւն մը կը հնարեն, վնասաբեր «մտերմութենէն» օգտուելու համար: Անոնց ստեղծած կապը, միշտ շահու ակնկալիք ունի: Եթէ մարդ գիտակցութեան գայ, պէտք է հաւասարակշռէ իր ծանօթութեան սահմանները, որպէսզի յանկարծ յուսահատութեան պահեր չդիմագրաւէ: Երբեմն երկար ժամանակ մէկու մը հետ մտերիմ ըլլալէ ետք, յանկարծ նոր իրավիճակ մը կը պարզուի, երբ զոհը արթննայ իր երկար տարիներու «թմրութենէն», եւ անդրադառնայ իր շահագործուած ըլլալուն: Դժբախտաբար, գիտակից եւ բարձր պաշտօնի վրայ եղողները, շատ դիւրաւ իրենց շուրջ կը համախմբեն նման անգիտակից ենթականեր, ճնշելով անոնց անհատականութեան վրայ…։ Անոնց տրուած «կարեւոր» պաշտօններն ու մանաւանդ մատուցուած մեծարումները, զանոնք «կարեւոր մարդ» դարձնելու քայլեր են, որոնք շատ մեծ հրճուանք կը պատճառեն մեծարեալներուն: Ահա թէ ինչպէս սկիզբ կ՛առնէ «բոյսին շատ ջրտուք կատարել»ու եւ զայն «ջուրով փճացնել»ու գործը:
Մեծարուած անձերուն ընծայուած բարձր հանգամանքներն ու յաճախակի խօսակցութիւնները, միասնական բացակայութիւնները սեփական բնակարաններէն, հաճոյքի կեղծ միջավայրի ստեղծման առիթներ են, որոնք «բոյս»ին թաղարը «ծով» դարձնելու կը ծառայեն:
Ջուրին պակասութիւնը, համայն աշխարհին համար կարեւոր ու մտահոգիչ նիւթ մը դարձած է, որ աշխարհի ղեկավարներու միատեղուելու ընթացքին արծարծուող գլխաւոր հարցերէն մէկն է: Գետերու արտահոսած ջուրերուն աջ ու ձախ կիսումով ընթացափոխումը, աղբիւրներուն համատեղ օգտագործումը եւ այլ միջոցներ, նոյնիսկ քաղաքական համաձայնութիւններու կը կարօտին, որպէս միջազգային լուծումներ: Ուրեմն, թաղարին մէջ աճեցուող բոյսին առատ ջուր ստանալով շուտով աճումը կրնայ զովութիւն պատճառել արմատներուն, գերբնական իրավիճակ պարգեւելով անոնց միջոցաւ աճող ծաղիկին:
Առատ ջուրով սնանող բոյսին ճակատագիրը կ՛որոշուի անոր պարտիզպանին կողմէ: Աւետարանին մէջ տեղ գրաւած առակներէն մէկուն տողերով նկարագրուած բարի պարտիզպանին շա՜տ քիչ կարելի է հանդիպիլ այսօրուայ կեանքի փողոցներուն վրայ: Անիկա պարտէզի տիրոջմէն կը խնդրէր, որ մէկ տարի եւս խնայուի անպտուղ ծառին, եւ չկտրուի ատիկա, որպէսզի ինք քիչ մը եւս ժամանակ ունենայ ատոր շուրջը հերկելու եւ պարարտանիւթ միախառնելու հողին: Ըստ աւետարանական առակին, պարտէզին տէրը շուտով կÿուզէր զայն արմատախիլ ընել…։ Ուրեմն, առատ ջուրն իսկ կրնայ վնասել բոյսին, մինչդեռ պարարտանիւթը բարի պարտիզպանի մը կարիք կը զգայ եւ որուն շնորհիւ կրնայ բուժուիլ բոյսը: Նոյնն է նաեւ պարագան պատահական մեծի մը ենթակայ պաշտօնեային, որ յաճախ ջրուելու դրութիւնը «վայելելով», ինքնափճացման ճամբան կը բռնէ մինչեւ անկում, եւ վերջնական կորուստ:
Ջուրին «առատութիւնը», այսինքն տուեալ ենթական շփացնելու չափազանցումը վնասակար է շփացուողին, եւ ո՛չ թէ շփացնողին: Ընդհանրական մտածողութիւնը այս է վերոյիշեալ նիւթին մասին. սակայն, այս խնդրին մէջ ալ նրբութիւն մը կայ. Շփացնողը եւս շրջապատ մը ունի վստահաբար, որմէ յարգանք կը վայելէ: Չմոռնանք, որ յարգողները կրնան յանկարծ ենթակային նկարագրի ժխտական գիծերը նկատել, եւ մեղադրել անոր վատ օրինակ հանդիսանալու վերաբերումը:
Բոյսին ջուր տուողը մեծագոյն պատասխանատուն է ատոր ճիշդ աճման եւ ապագայ ծաղկեալ գոյութեան: Հանդիպած էք հաւանաբար, տան մէջ բոյսեր աճեցնող անձերու, որոնք շատ կը տխրին, երբ տարիներ շարունակ իրենց ձեռքով դալար կեանք ունեցած ծառեր ու ծաղիկներ յանկարծ վերջնականապէս կը չորնան: Ուրեմն, զանոնք խնամողը խղճի տէր անձ կÿըլլայ, անպայմա՛ն, այլապէս բոյս աճեցնելու նկարագիր ու մօտեցում եթէ չունի, չի՛ կրնար այդ գործը ստանձնել: Նոյնն է պարագան ուսուցիչներուն. եթէ անոնք համբերութիւն չունին եւ ո՛չ ալ պատրաստակամութիւն իրենց անձէն մաս մը զոհելու աշակերտներուն սիրոյն, չե՛ն կրնար ուսուցչական ասպարէզին նուիրուիլ:
Բոյսին ջուր տալու չափդ գիտցի՛ր: Ատոր չորացումը, փճացումը եւ վերջնականապէս պարտէզէն դուրս մնալը եթէ քեզմէ կախեալ են, օր մը անպայման հաշիւ պիտի տաս Աստուծոյ: Մարդն ալ բոյս է… բարւոք խնամէ զայն: