
Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, 12 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Հայկական Արուեստներու կեդրոնին մէջ (250 N. Orange St. in Glendale, California) տեղի պիտի ունենայ Հայկական Սփիւռքի այժմէական հարցերուն նուիրուած քննարկում մը։
Քննարկումին պիտի մասնակցին դոկտ. Դալար Շահինեան, Լիլիթ Քէշիշեան, Գեղամ Մուղնեցեան եւ Հրակ Փափազեան, որոնք լուսարձակի տակ պիտի առնեն յատկապէս վերջերս լոյս տեսած՝ The Armenian Diaspora and Stateless Power Collective Identity in the Transnational 20th Century հատորին մէջ արծարծուած հարցերը։
Մուտք ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 243-4112 թիւն կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։