ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ

Ժամանակի հոգին եւ շունչը, մեզի համար, որպէս ազգ եւ ազգային հպարտութեամբ առլցուն՝ ազգասէր անհատներ, կ՛արժեւորուին ազգային աւիշով եւ հպարտութեամբ, որոնք կը փոխանցուին ո՛չ միայն մեր էութեամբ եւ գոյութեամբ, այլեւ արժանավայել գործով եւ ապա անոնցմէ բխած հպարտալի հետեւանքներով:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի կազմակերպութեամբ, հայկական վարժարաններու կրթական մշակներու վերաւորակաւորման ծրագրին ընթացքին, դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու համախմբման հոծ պատկերը բուռն ներշնչող եւ քաջալերող էր եւ խոր հաւատքով եւ մեծ նուիրումով արարող նուիրեալներու մեծ փաղանգը կը ներկայացնէր, հայկական վարժարաններու մէջ գործող հաւատաւոր «ասպետ»ներու ներկայութիւն մը, որոնք հայ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչները՝ ազգային եւ հայրենական ըմբռնումներով եւ արժանիքներով թրծող եւ մշակող անհատներն էին:
Մե՛նք, կրթութեան ջահակիրներս, կը հաւատանք եւ կը զօրակցինք օգտաւէտ նորին ու նորարարութեան, որովհետեւ քաջ գիտենք, թէ նոր ժամանակներու «յաջողութեան բանալի»ն կը կայանայ սերունդը հասկնալու, ըմբռնելու եւ փոխադարձաբար, տուեալ արժէքներու հասկացութիւնն ու արժեւորումը փոխանցելուն մէջ: Վերջապէս, ի գին յաջող ուսումնակրթական ծրագրի յարատեւման, պէ՛տք է գործենք եւ թեւածենք մեր դէմ ընթացող ու սուրացող՝ նոր տուեալներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, թէ մեր ազգային լեզուն եւ գրականութիւնը, սովորոյթներն ու աւանդոյթները, որպէս անխախտելի արժէքներ, պայման է պահպանել եւ փոխանցել՝ նորի ու աւանդականի համերաշխութիւնը պահպանելով, այսինքն, նորարականին ու աւանդականին ուրոյն համադրութիւն մը կատարելով եւ հրամցնելով զայն նոր սերունդին:
Կրթական աշխարհի նորարարութիւնը, ոչ միայն յարգելի, այլեւ քաջալերելի է, սակայն նկատի առած մեր «փոքրաքանակ եւ փոքրակազմ» ազգ մը եւ կամ «սփիւռք» մը ըլլալը, հինի տապանակը որոշ չափով պահպանելն ու անոր վրայ նորը կառուցելն ու հաղորդական դարձնելն է կարեւորը՝ հիմնուած մեր անկորնչելի ազգային ըմբռնումներուն եւ արժէքներուն վրայ, որպէսզի քայլ առ քայլ նորարարի մեր երթը շարունակենք եւ փոխանցենք յարիր ձեւակերպումով մեր «յաջորդ»ներուն… բախտաւոր պարագային…:
Ի դէպ, գիտե՛նք, թէ նորարար գիտակրթական «զանգուած»ը իր տեսական եւ գործնական ահագին եւ արագավազ մաշտապով եւ տուեալներով՝ անսահմանութեան մէջ իսկ ընդունելի եւ դիւրամատչելի է օտար կրթական համակարգին համար: Այս ըսելով, քաւ լիցի, չենք մերժեր նորն ու նորարարը, այլ պէտք է համոզուած ընկալե՛նք եւ յարմարեցնե՛նք զայն մեր հարազատ հիմքերով եւ հիմնաւորումներով եւ ինչու չէ՞ նաեւ մնանք մեր իւրայատկութեամբ եւ ըստ յարմարւոյն կիրառենք եւ փոխանցենք զանոնք քաջաբար՝ մեր վարժարաններէն ներս:
Ուսումնակրթական մարզին մէջ, նուիրեալներն ու հաւատաւոր անհատները շատ են, առանձին- առանձին, թէ խմբային գործելաոճով, սակայն անոնք նաեւ իրենց խորհուրդն ու ազդեցութիւնը ունին եւ պէ՛տք է ունենան։
Ժողովրդական խօսքով. «Հա՛ց թխելը, վստահի՛ր հացթուխին», ես պիտի աւելցնէի, այս պարագային՝ երբեմն…:
Առ այս, ներկայացո՛ւր ծրագիրը նուիրուած կրթական մշակին եւ վստահի՛ր փորձառու դաստիարակին եւ ուսուցանողին իւրայատուկ մօտեցման եւ իրագործման՝ ըստ տուեալ սերունդին եւ ժամանակի պայմաններուն:
Մե՛նք եւ մե՛ր հայ կրթական համակարգը, հարուստ ենք մեր ազգային եւ հայրենական նիւթերով, ինչպէս նաեւ մեր կրթական մշակները, յատկապէս ազգային ոգիով թրծուած հաւատաւոր հայորդիներ, յաճախ սերնդափոխութեան հետ քայլ պահելու իրենց ունակութեամբ՝ ճկուն եւ պատրաստակամ են․ առ այս, կը գիտակցինք այն իրականութեան, թէ փոխանցելով արդի ժամանակներու գործնական տեղեկութիւններն ու ըստ յարմարւոյն գոհացում տալով եւ ստանալով, կրնանք առաւել յաջողութիւններ արձանագրել՝ հայ կրթական համակարգէն ներս:
Վերջապէ՛ս, մե՛նք պէ՛տք է դառնանք յաջորդող սերունդներու ազգային առողջ համակարգ փոխանցողները եւ մե՛նք պէտք է վայելենք՝ յաջորդող սերունդներու ազգային հիմքերով նորարար ու փայլուն գալիք համակարգերը:
Պատի՛ւ, հայ ուսումնակրթական ազգային համակարգի արժանաւորաց: