Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու գծով յանձնաժողովները 1 Նոյեմբերին փոխանակեցին սահմանազատման կանոնակարգի ուժի մէջ մտնելու համար անհրաժեշտ ներպետական ընթացակարգերու իրականացման վերաբերող ծանուցումները:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած յանձնաժողովներուն 10րդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանին վրայ:
«Հաշուի առնելով, որ Կանոնակարգի 7րդ յօդուածով նախատեսւում է, որ այն ուժի մէջ է մտնում այդպիսի ընթացակարգերն աւարտելու մասին վերջին գրաւոր ծանուցումը ստանալու օրը` կողմերը արձանագրել են, որ նշուած Կանոնակարգն ուժի մէջ է մտնում 2024 թուականի Նոյեմբերի 1ին», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին սահմանազատման աշխատանքներու հետագայ իրականացման համար սահմանագիծի հատուածներու/հատուածամասերու հերթականութեան հարցին շուրջ. անոնք քննարկեցին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգին վերաբերող համապատասխան ուղեցոյցներու նախագիծերը: Կողմերը պայմանաւորուեցան աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել յաջորդ հանդիպման թուականը եւ վայրը։
Հանդիպումէն ետք, Գրիգորեան եւ Մուսթաֆաեւ առանձին քննարկեցին երթեւեկի հաղորդակցութիւններուն վերաբերող հարցեր։