ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ՝ 1 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակի առջեւ կատարուեցաւ բողոքի ցոյց մը:
Ցուցարարները կը պահանջէին նախքան 11էն 22 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի Կլիմայի փոփոխութեան հեղինակաւոր համաժողովը՝ ՔՈՓ29ը, ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ` ազատ արձակելու ապօրինաբար բանտերուն մէջ պահուող բոլոր հայ գերիները եւ Արցախի պատանդ առնուած ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Ցոյցին մասնակցողները բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր՝ «Կլիմայական պաշտպանութիւնն անհնար է առանց մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան»: Երթը կ՛առաջնորդուէր մեծ ցուցապաստառով՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկարներով:


«Ադրբեջանը մէկ տարի առաջ Արցախում էթնիկ (ցեղային) զտումներ է իրականացրել` տեղահանութեան ենթարկելով արցախահայութեանը: Բռնազաւթուած տարածքներում Ադրբեջանն առ այսօր շարունակում է մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացնել` ջնջելով հայկական հետքն Արցախից: Առ այսօր Բաքւում շարունակում են պատանդառուած մնալ մի քանի տասնեակ հայ ռազմագերիներ, որոնց թւում են քաղաքացիական անձինք եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը: Կլիմայական արդարութիւնը չի կարող լինել առանց մարդկային արդարութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան: Բռնապետական երկրում համաժողովի անցկացումը հնարաւորութիւն է տալու Ադրբեջանին` մաքրելու ցեղասպանի իր արիւնոտ ձեռքերը, խմբագրել բռնապետական ռեժիմի (վարչակարգի) վարկանիշը: Մենք պահանջում ենք, որ այս համաժողովին մասնակցող պատուիրակները ճնշում գործադրեն պաշտօնական Բաքուի վրայ` ազատ արձակելու Բաքւում ապօրինաբար պահուող հայ գերիներին», ՄԱԿի գրասենեակին մօտ յայտարարուեցին ցոյցը կազմակերպողները:


«Ատրպէյճան՝ յարձակո՛ղ», «Ատրպէյճան՝ բռնագրաւո՛ղ», «Ատրպէյճան՝ ցեղասպա՛ն» կը վանկարկէին ցոյցին մասնակցողները:
Անոնք Հայաստանի մէջ ՄԱԿի գրասենեակին փոխանցեցին իրենց պահանջը եւ բողոքը արտայայտող նամակը, ապա երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները:
Դեսպանատուներուն առջեւ ելոյթներ ունեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ այլ քաղաքական գործիչներ:


ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութիւն պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին նշեց, որ ցոյցին նպատակը շատ յստակ է: «Յաջորդ շաբաթ Բաքւում տեղի է ունենալու ՔՈՓ-29 միջազգային խորհրդաժողովը, եւ դրան մասնակցող միջազգային կազմակերպութիւններից պահանջում ենք, որ անպայման ճնշում բանեցնեն Ադրբեջանի վրայ, հայ ռազմագերիներին եւ այլ պատանդառուած անձանց ազատ արձակելու նպատակով», ըսաւ Սաղաթէլեան:
Ան յիշեցուց, որ այսօր Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուին առաւել քան 2 տասնեակ ռազմագերիներ, Ատրպէյճան կը շարունակէ իր թշնամանքը Հայաստանի նկատմամբ, մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ կատարեց ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում: Այդ հարցերը միջազգային կազմակերպութիւններու, ԵԱՀԿի Մինսքի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն առջեւ կը բարձրացնեն նաեւ մեր ժողովուրդին տեսակէտը` իրենց երկիրներուն փոխանցելու ակնկալութեամբ։