«Human Rights Watch» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը քննադատեց պարտադիր տեսանկարահանման մասին Հայաստանի օրէնքը, որմով փողոցներուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական հաստատութիւններուն մէջ տեղադրուած տեսախցիկներուն թիւը պէտք է մեծապէս աւելցուի, եւ անոնց տուեալները պէտք է հասանելի ըլլան ոստիկանութեան:
Յունիս 2024ին, Ազգային ժողովին կողմէ առաջին ընթերցումով հաստատուած այս օրէնքը, ըստ կազմակերպութեան, «անհիմն է եւ կ՛ոտնահարէ անձնական կեանքի եւ շարք մը այլ ազատութիւններ»:
«Համատարած տեսահսկումը անխուսափելիօրէն պատճառ պիտի դառնայ մարդոց անձնական կեանքը ներխուժելու եւ չի կրնար ժողովրդավարական երկրի մը մէջ հանրային ապահովութիւնը բարելաւելու համար անհրաժեշտ միջոց նկատուիլ», նշեց «Human Rights Watch»ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն Կէորկի Կոկիա: