
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 105րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 19 Հոկտեմբերին, Մոնթրէալի Sheraton Laval պանդոկին մէջ՝ Գանատա։ Հանդիսավարներ Ռաֆֆի եւ Արփի Շնորհօքեանները ջերմօրէն ողջունեցին ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեցին անոնց։
«Մեր հանգուցեալ գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան փափաքած էր այս տարուան Ճաշկերոյթը նուիրել մեր երիտասարդութեան (Celebrate Our Youth)», ըսաւ Շնորհօքեան իր բացման խօսքին մէջ՝ աւելցնելով. «Ոմանք կրնան պնդել, որ նման տօնակատարութիւն մը յարմար չէ այս գիշեր, նկատի ունենալով պրն. Խանճեանի անսպասելի եւ անժամանակ մահը քանի մը ամիսներ առաջ։ Այսուամենայնիւ, ես համոզուած եմ, որ լաւագոյն միջոցը, որմով մենք կրնանք յարգել զինք, անոր տեսլականը պահպանել է եւ շարունակել այն ճանապարհը, որ ան վարած էր վերջին 10 տարիներուն ընթացքին։ Աւետարանչականը ներդրումներ կատարած է բազմաթիւ ծրագիրներու, աջակցելու եւ խրախուսելու երիտասարդները՝ ըլլայ այդ կրթաթոշակներով, ամառնային ճամբարներով, կամ երիտասարդաց առաջնորդներու միջոցով։ Այսօր մենք այստեղ հաւաքուած ենք նշելու մեր ձեռքբերումները»։


Քայլերգներէն ետք, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ճորճ Տապպօ մատուցեց բացման աղօթքը։ Ապա, Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան բարձր գնահատեց ԱՀԱԸի ծառայութիւնները։
«Ներդրումներ Երիտասարդութեան Մէջ» թեմայով տեսահոլովակին ներկայացումէն ետք, երգչուհի Սիլվի Տէմիրճեան, դաշնակահարուհի Անահիտ Սիմոնեան եւ ջութակահարուհի Եւա Շահպազեան հրամցուցին սիրուած հոգեւոր երգերու փունջ մը։
Ընթրիքէն ետք, երաժիշտները շարունակեցին յայտագիրը՝ հրամցնելով հայկական սիրուած երգեր եւ երաժշտութիւն, որմէ ետք ԱՀԱԸի Գանատայի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը՝ վեր. Յակոբ Մանճըլըքեանը՝ գնահատելու անոր լայնածաւալ ծառայութիւնը, որ հարստացուցած է բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքեր։ Վեր. Մանճըլըքեան երկար տարիներ ծառայած է՝ իբրեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջնորդ Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ։
Ապա Ներսէսեան բեմ հրաւիրեց վեր. Մանճըլըքեանը եւ անոր տիկինը՝ Գոհարը, անոնց յանձնելու համար Աւետարանչականի գնահատանքի նուէրը։ Վեր. Մանճըլըքեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս յատուկ պատիւին համար։
Յայտագիրին երկրորդ կէսը յատկացուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանին։ «Այն տասը տարիներուն ընթացքին, երբ ես եւ Զաւէնը միասին ծառայեցինք ընկերակցութեան, մենք մասնակցեցանք բազմաթիւ իրադարձութիւններու եւ ուրախ առիթներու, ինչպէս ԱՀԱԸի 100ամեակի տօնակատարութիւններուն», ըսաւ ընկերակցութեան նախագահ՝ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան՝ աւելցնելով. «Բայց մենք ականատես եղանք նաեւ այնպիսի մեծ ողբերգութիւններու, ինչպիսին են Արցախեան պատերազմը եւ անոր յաջորդող Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւնը։ Զաւէնը անյապաղ զօրաշարժի ենթարկեց ընկերակցութեան բոլոր միջոցները, հասնելու հազարաւոր անօթեւան արցախցիներուն»։


Զաւէն Խանճեանի (2014-2024) մասին յատուկ տեսանիւթի մը ներկայացումէն ետք, տոքթ. Տարագճեան բեմ հրաւիրեց անոր տիկինը՝ Սոնա Խանճեանը, եւ անոր շնորհեց յատուկ գնահատանքի նուէր մը։ Տիկին Խանճեանի խօսքերը յուզիչ էին, երբ ան նշեց, թէ որքան երախտապարտ է, որ հնարաւորութիւնը ունեցած է իր կեանքը կիսելու Զաւէնին հետ, ինչպէս նաեւ Աւետարանչականին եւ տոքթ Տարագճեանին ու անոր տիկնոջ տոքթ. Անիին, իրենց ցուցաբերած բարոյական աջակցութեան համար։
Յիշարժան երեկոն եզրափակուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն՝ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի օրհնութեան աղօթքով։
(Քաղուած ԱՀԱԸի հանրային կապերու համակարգող Լուիզա Ճանպազեանի թղթակցութենէն)