Ատրպէյճանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպով յայտնեց, որ արտաքին շարք մը ուժեր կը փորձեն «օգտագործել» Հայաստանը` տարածաշրջանին մէջ սպառնալիքներ ստեղծելու համար:
«Ատրպէյճան՝ իբրեւ յաղթանակած երկիր եւ տարածաշրջանի ռազմական ուժի կեդրոն, կրնայ Հայաստանին ստիպել խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու` միջազգային իրաւունքին վրայ հիմնուած », յայտնեց ան։
Ըստ Ուսուպովի՝ Ատրպէյճան ի վիճակի է կասեցնելու որեւէ ճնշում, որոնց կարգին «վրէժխնդրական գործողութիւնները»:
«Խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը կարելի է, եթէ Հայաստան հրաժարի արտաքին ազդեցութենէն եւ իր ժողովուրդին շահերէն բխող որոշումներ տայ», ըսաւ Ուսուպով: