Սրբուհի Գալեան Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարար:
Մինչ այս, 32ամեայ Գալեան գլխաւոր դատախազի տեղակալն էր: Պաշտօնի կտրուկ յառաջխաղացքը սկսած է Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք. 2019ին ան նշանակուած է արդարադատութեան փոխնախարար, մէկ տարի պաշտօնավարած է եւ Գլխաւոր դատախազութիւն տեղափոխուած, մինչ այդ` տակաւին 2015էն, ան կ՛աշխատէր Քննչական ծառայութեան մէջ:
Արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր Գրիգոր Մինասեան: «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին մէջ ստորագրահաւաքի սկսած էին, որ Մինասեանի պաշտօնավարութեան նպատակայարմարութիւնը քննեն, եւ հասաւ այն պահը, երբ ան պաշտօնէն հրաժարեցաւ: