Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Եաքոպ Պլիթշթայնին հրամայուած է ՄԱԿին տեղեկացնել Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու օժանդակութեան ու աշխատանքի գործակալութեան` ԵՈՒՆԵՐՈՒԱի, միջեւ կնքուած 1967ի համաձայնութեան չեղեալ նկատուելուն մասին:
«Բացի «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»ի վերաբերեալ որոշումէն պիտի շարունակենք ՄԱԿի գործակալութիւններուն հետ աշխատիլ», յայտնեց նախարարութիւնը:
Իսրայէլի խորհրդարանը անցեալ շաբաթ որդեգրած էր ԵՈՒՆԵՐՈՒԱի` Իսրայէլի մէջ աշխատանքին վերջ տուող օրէնք մը:
Իսրայէլ կը պնդէ, որ ՄԱԿի գործակալութեան պաշտօնեաները մասնակցած են 7 Հոկտեմբեր 2023ի յարձակումին: ՄԱԿը կը մերժէ այդ ամբաստանութիւնը եւ կը նշէ, թէ գործակալութիւնը անկողմնակալութեան յանձնառու է եւ բացառաբար գաղթականներու աջակցելու վրայ կը կեդրոնանայ:
Միւս կողմէ, մինչ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու սպանդը կը շարունակուի, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ իր եւ Եոաւ Կալանթի միջեւ վստահութիւնը կորսուած է, եւ անոր տեղ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակած է Իսրայէլ Քացը:
Նեթանիահու նաեւ Քացի փոխարէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակեց Կիտէոն Սահերը: