
1էն 3 Նոյեմբեր 2024ին, Մոնթրէալի մէջ, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինին գումարուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Գանատայի Պատանեկան միութիւններէն 50 պատանիներ եւ վարիչներ:
Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները դասախօսութիւններ լսեցին պատանիի դաստիարակութեան, տիպարին եւ առաքելութեան, նաեւ Արցախի ու Հայ Դատի մասին:

Մարդուժի պատրաստութեան շրջագծին մէջ, կազմակերպուած այս գործունէութիւնը հիմնականօրէն կը նպատակադրէր պատանիներու ներկազմակերպական տեղեկութիւններու, գիտելիքներու եւ հմտութիւններու տարածքը ընդարձակել ընդգրկելով՝
ա. Տարածաշրջանի ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններուն վերաբերող կազմակերպական քննարկումներ եւ սերտողութիւններ,
բ. Ծանօթանալ տարածաշրջանի պատանիներու մտահոգութիւններուն, ազգային եւ միութենական հարցերու մօտեցումներուն, մտահորիզոնին ու հեռանկարներուն,
գ. Նպաստել պատանիներու կազմակերպական փորձառութեան ձեռքբերման եւ տարածաշրջանի Պատանեկան միութիւններուն եւ պատանիներուն միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու սերտացման:
Խորհրդաժողովը նաեւ կը միտէր խորացնել ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները մէկ ընտանիքի պատկանելու միտքը եւ մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներթափանցելի դարձնել պատանիներու կրթութեան մէջ, միաժամանակ պատրաստելով ապագայ մարդուժի տուեալներու անձնադարան:
Խորհրդաժողովի օրակարգը ընդգրկեց նաեւ զրոյցներ եւ շրջապտոյտներ:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ