Ուրուկուէյ եղաւ առաջին երկիրը, որ օրէնքի ուժով միջազգային ճանաչում տուաւ Հայ Դատին։ 20 Ապրիլ 1965ին, Մեծ Եղեռնի անկիւնադարձային յիսնամեակի անմիջական նախօրեակին, Ուրուկուէյի խորհրդարանը որդեգրեց թիւ 13,326 օրէնքը, որով Ապրիլ 24ը կը յայտարարուէր «Հայ նահատակներու յիշատակման օր»։ Օրէնքին 5 կէտերը չեն գործածեր «ցեղասպանութիւն» յղացքը, այլ կը խօսին 1915ին «սպաննուածներու» մասին, սակայն այդ քայլը օրին հիմնական նախընթաց մը եղաւ Հայ Դատի հետագայ գործընթացին համար։ Փաստօրէն, Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ առնուեցաւ առաջին քայլը Ցեղասպանութիւնը քաղաքական օրակարգի վրայ դնելու ուղղութեամբ։
Պատմական այդ օրէն 42 տարի անց, դարձեալ Մոնթէվիտէոյի մէջ, եւ այս անգամ արդէն համաշխարհային տարողութեամբ մղուող Հայ Դատի պայքարի ծիրին մէջ, հարաւամերիկեան շրջանային համարկման (Մերքոսուր) նորաստեղծ խորհրդարանը – Փարլասուր -, որ կը մէկտեղէ Արժանթինի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի եւ Փարակուէյի խորհրդարանական ներկայացուցիչներ, Նոյեմբեր 19, 2007ին եկաւ իր ձայնը միացնելու Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ միջազգային ճանաչում պահանջող միւս նախաձեռնութիւններուն։
Մերքոսուրի խորհրդարանի որդեգրած յայտարարութիւնը շատ յստակօրէն կը բանաձեւէ հայութեան դէմ գործուած ոճիրը («ցեղասպանութիւն»), ժամանակահատուածը (1915-1923), պատասխանատուն («թուրք օսմանեան կայսրութիւնը»), առաւել՝ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի դատին եւ կոչ կ՚ուղղէ աշխարհի բոլոր խորհրդարաններուն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, եթէ ցարդ նման քայլ մը չեն առած։
Բանաձեւին որդեգրումը դիւրին չեղաւ։ Ժողովականներու մեծամասնութեան ապահովումէն ետք անհրաժեշտ եղաւ բանաձեւի որդեգրման ի խնդիր կարեւոր թիւով ելոյթներ, համոզելու համար ի մասնաւորի Պրազիլի խորհրդարանականները, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէին միջոցառման։ Բանաձեւը օրակարգի վրայ դրուեցաւ շնորհիւ Ուրուկուէյէն ծերակուտական Ռաֆայէլ Միչելինիի, որ հակառակ պրազիլցի իր գործընկերներու ընդդիմութեան, տեղի չտուաւ եւ յաջողեցաւ իր նախաձեռնութեան մէջ։ Բանաձեւի պաշտպանութեան ի խնդիր հանդէս եկան Արժանթինի ներկայացուցիչները, որոնք, փաստօրէն, շարունակականութիւն տուին իրենց դիրքորոշման։ Կարեւոր է ընդգծել, որ յայտարարութեան ապահոված 29ը քուէներուն մէջ էին Փարակուէյի խորհրդարանականներուն քուէները։ Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Փարակուէյ քուէարկեցին միաձայնութեամբ, անոնց միացան Պրազիլէն կարգ մը ներկայացուցիչներ։
Ինչպէս 1965ին, այս յայտարարութեան ներկայացումին ու որդեգրումին մէջ առանցքային դեր ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ուրուկուէյի մասնաճիւղը, որ ամիսներ շարունակ, եւ համագործակցաբար Պուէնոս Այրէսի շրջանային կեդրոնական գրասենեակին, յարաբերական հետեւողական աշխատանք տարաւ չորս երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտ։
Մերքոսուրի խորհրդարանը պաշտօնապէս ստեղծուեցաւ 9 Դեկտեմբեր 2005ին, սակայն գործելու սկսաւ 7 Մայիս 2007ին։ 1980ական թուականներէն ծայր առած հարաւամերիկեան շրջանային համարկման այս գործընթացը, որ ծնունդ առաւ եւ զուգահեռաբար զարգացաւ ժողովրդավարութեան վերադարձին հետ, ամրակայման ու ռազնավարական ուղղուածութեան մէջ կարեւոր շրջադարձ մը կատարեց տարածաշրջանի երկիրները զօրաւոր կերպով հարուածած 2001-2002ի տնտեսական տագնապէն յետոյ, երբ բացառութեամբ Քոլոմպիայի եւ Փարակուէյի, մնացեալ բոլոր երկիներու մէջ ժողովրդավար քուէով իշխանութեան հասան, կամ իրենց ընթացքը շարունակեցին կեդրոն-ձախ քաղաքական ուժեր, երեւոյթ մը, որ միջազգայնօրէն ժողովրդականացաւ «դէպի ձախ թեքում» յղացքով։ Ի տարբերութիւն 1990ական թուականներուն, երբ Մերքոսուրը ընկալուած էր հիմնականօրէն ազատ-շուկայական գաղափարախօսական սկզբունքներու հիման վրայ եւ կը ձգտէր արեւմտեան կիսագունդի երկայնքին Ալասքայէն մինչեւ Թիերրա տէ Ֆուեկօ («ԱՍՊԱՐԷԶ».- Չիլիի հարաւային ծայրամասը) ստեղծել միացեալ ազատ շուկայ, հարաւամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ տիրապետող ժողովդական ուժերը այսօր կը մտածեն շատ աւելի խորքային, աւելի Եւրոպական միութեան նմանող համարկման մը մասին, ուր քաղաքական ներկայացուցչական հաստատութիւնները, եւ ոչ թէ այսպէս կոչուած «ազատ շուկան», գործընթացներու ուղեւորման պատասխանատուութիւնը պիտի ունենան։ Առաւել, Մերքոսուրը սկսաւ ընդլայնել իր ծիրը, ներառնելով Վենեզուէլլան եւ համագործակցութեան պայմանագրեր կնքելով Չիլիի եւ Պոլիվիայի հետ։ Նման ընդլայնման ու խորացման զոյգ հոլովոյթներու տրամաբանութեամբ, Մերքոսուրի խորհրդարանը կոչուած է ըլլալու որոշումներու կայացման այն մակարդակը, ուր ամէնէն աւելի բացայայտ պիտի ըլլայ հասարակութիւններէն եկող պահանջը, ինչպէս նաեւ համարկման գործընթացը ժողովրդավարութեան, բազմակարծութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի սկզբունքներուն հաւատարիմ պահելու յանձնառութիւնը։ Մինչեւ 2011 թուական, Մերքոսուրի խորհրդարանը պիտի գործէ անդամ երկիրներու խորհրդարանականներու կողմէ նշանակուած անդամներով, ապա տեղի պիտի ունենան ուղղակի ընտրութիւններ։
Ահա երկար վազքի վրայ մտածուած այս ներկայացուցչական մակարդակին է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը նախընթաց մը կը ստեղծէ տարածաշրջանային խորհրդարանի գործընթացի առաջին պահէն իսկ։ Իրադարձութիւնը, պարզ է, պատահականութեան արդիւնք չէ։ Կը բաւէ միայն յիշել, որ Հայ Դատի պայքարի ծիրին մէջ, 2007ը յատկանշուեցաւ ամէնէն աւելի Հարաւային Ամերիկայի մէջ արձանագրուած մնայուն յաջողութիւններով, որոնց հերթին՝ Արժանթինի մէջ Ցեղասպանութեան օրէնքի վաւերացումը նախագահ Քիրշների կողմէ, Չիլիի Ծերակոյտի բանաձեւը եւ Մերքոսուրի խորհրդարանի այս յայտարարութիւնը։
Քաղաքական այս աշխուժութիւնը իր բացայայտ անդրադարձը ունի տեղւոյն հայկական համայնքներու ներքին ուժականութեան վրայ, որ զգալի է ոչ միայն արդէն հասակ առնող չորրորդ սերունդի մը հայութեան եւ Հայ Դատի հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան երեւոյթին ընդմէջէն, երբ մեր դասական «հայապահպանում»ի տրամաբանութեամբ այդ սերունդը արդէն «ձուլուած» պէտք է ըլլար, այլեւ հիմնականին մէջ սպաներէն լեզուով լոյս տեսնող մտաւորական-ակադեմական շարք մը ուսումնասիրութիւններով։ Արդարեւ, Նոյեմբեր 21-23, 2007ին, Պուէնոս Այրէսի Թրես տէ Ֆեպրերօ ազգային համալսարանի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան հարցին նուիրուած միջազգային երկրորդ գիտաժողովը, որուն հրաւիրուած էին այդ մարզին մէջ մասնագիտացած համաշխարհային գիտնականներ, որոնց կարգին՝ Իսրայէլ Չարնի եւ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։ Գիտաժողովին ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցին մօտաւորապէս տասը հայազգի ուսանողներ եւ գիտաշխատողներ, որոնք անդրադարձան Ցեղասպանութեան ու իր բոլոր երեսներուն՝ դեռեւս 1930ին Մեքսիքոյի մէջ ոգեկոչման սգահանդէսներէն մինչեւ Արժանթինի մէջ վերջին զինուորական բռնատիրութեան ժամանակ անհետացած հայորդիներ։ Անկախ անկէ, ներկայացուած շատ մը այլ աշխատութիւններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայ է ուղղակի կամ անուղղակի կերպով։
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հետաքրքրութիւն եւ այդ հարցին հիման վրայ համայնքային վերանորոգ աշխուժութիւն նկատելի է։ Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, յատկապէս Պրազիլ, Արժանթին, Չիլի եւ Վենեզուէլլա, վերջին 5-6 տարիներուն տարեկան մինչեւ 9 տոկոսի տնտեսական աճ կ՚արձանագրեն։ Նկատի ունենալով միջազգային տարողութեամբ բնական հարստութիւններու (այսինքն՝ ուժանիւթի աղբիւրներ եւ երկրագործական արտադրութիւն) վերագրաւած առանցքային դիրքը ի հետեւանք Հնդկաստանի եւ Չինաստանի աճող պահանջին, այդ աճը ամենայն հաւանականութեամբ շարունակուի առնուազն միջին վազքի վրայ։ Արդ, այս երկիրները նաեւ յանձնառու են միջազգային ատեաններու մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերային արդարութեան հարցերու պաշտպանութեան։ Յատկապէս Արժանթինը, որուն արտաքին քաղաքականութեան մէջ մնայուն տեղ գտած է «յիշողութեան իրաւունք»ի պաշտպանութեան խնդիրը։ Ի դէպ, Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովի փակման ելոյթ ունեցաւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Խորխէ Թայեանա, մէկը, որ առանցքային դեր ունեցաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի որդեգրումին մէջ, եւ յայտարարեց որ 2008ին, Ցեղասպանութեան միջազգային համաձայնութեան 60ամեակին առիթով, Արժանթինը ղեկավար դեր պիտի ստանձնէ ՄԱԿի ոլորտին մէջ տեղի ունենալիք բոլոր նախաձեռնութիւններուն։
Ինչ կը վերաբերի այս բոլորի անդրադարձին հայ համայնքներուն աշխուժութեան վրայ, ապա եւ նկատելի է հասակ առնող երիտասարդ սերունդի մը մօտ հետզհետէ աւելի հետաքրքրութիւն հայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան ու յանձնառութեան, ոչ անպայմանօրէն իրենց հայրերու ապրած կրկնակի ինքնութեան անդամալուծող տագնապի թելադրանքով, այլ իրենց ծնած երկրի եւ հայկական արմատներու ինքնութիւնը իրարու հետ միաձուլող սփիւռքեան ամենայաջող գոյութենական տրամախոհութեան որպէս արդիւնք։
Հարցը, սակայն, այս հետաքրքրութեան եւ աշխուժութեան տեղադրումն է ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի քաղաքական զարգացման հոլովոյթին մէջ։ Հարց է, որովհետեւ հայ ինքնութեան կեդրոն-ծայրամաս թերեւս ենթագիտակից տրամաբանութեամբ Հարաւային Ամերիկան անհրաժեշտ տեղը չէ գրաւած, ոչ սփիւռքեան տարողութեամբ, եւ նուազ՝ հայրենի պետութեան թէ հասարակութեան համար։ Պարզ է, որ աշխարհահայեացքի տիրապետող սխեմաներու փոփոխութիւնը, այս պարագային՝ կեդրոն-ծայրամաս ուղղահայեաց տեսութեան փոխարէն համաշխարհայնութեան ենթադրած ուղղահայեաց ու ցանցային յարաբերութիւններու տրամաբանութեան որդեգրումը, մտաւորական ներդրում եւ քաղաքական ղեկավարութիւն կը պահանջէ, եւ յստակ չէ թէ այդ մէկը ո՛վ պիտի ստանձնէ կամ պատրաստ է ստանձնելու։ Սկզբունքով, այդ մէկը սպասելի է Հայաստանի պետութենէն, որ հիմա գերիշխան է։ Բայց հազիւ թէ նման հետաքրքրութիւն նկատելի է Հայաստանի իշխանութիւններուն մօտ։ Ճիշդ է, ի պատիւ իրեն, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան նախաձեռնութիւնը առաւ ընդունելութիւն կազմակերպելու ի պատիւ Պուէնոս Այրէսի գիտաժողովին ներկայ միջազգային ակադեմականներուն, որոնց Հայաստանի պետութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց կատարած աշխատանքին համար։ Բայց ոչ Արժանթինի օրէնքը, ոչ Չիլիի Ծերակոյտի որոշումը, ոչ ալ Մերքոսուրի խորհրդարանի բանաձեւը յատուկ ուշադրութեան արժանացան Հայաստանի գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններուն կողմէ։ Յայտնի չէ, թէ այդ հետեւանք է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կոմպլեմենտարութեան յատուկ ինքնասահմանափակումներո՞ւն, թէ ընդհանրապէս նոյնիսկ 1998էն ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ է առայժմ միայն յայտարարական մակարդակով եւ չէ նուաճած ռազմավարական արժէք, որ եւ կոմպլեմենտարութեան տայ ուրիշ իմաստ՝ Սփիւռք-Հայաստան աշխոյժ համագործակցութեան հարթակին վրայ։ Այդ մէկը տակաւին չ՚երեւիր։
Մինչ Սփիւռքի մէջ, Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա, հայկական պահանջատիրութիւնը թրքական սպառնալիքը լուսարձակի տակ կ՚առնէ, Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշումը կը մնայ այսպէս կոչուած «առանց պայմանի յարաբերութիւնները»։
Կը մնայ հայրենի հասարակութիւնը եւ կայացման նոր հոլովոյթ մը ապրող Սփիւռքը, ուր եւ քաղաքական ուժեր եւ մտաւորականութիւն պարտին քայլ մը առաջ անցնիլ հայապահպանումէն եւ բնականացնել ինքնութեան զարգացման նոր հոլովոյթ մը, որ արդէն ընթացք առած է համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ ու անոր թելադրանքներով։