Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի իր տարբերակը Երեւանին ուղարկելուն զուգահեռ կը սպառնայ «պարտադրել Հայաստանին՝ զայն ստորագրել»: Ատրպէյճանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպով ընդգծեց, որ՝ «իբրեւ յաղթանակած երկիր, կրնան այդ մէկը ընել»:
Ո՛չ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ո՛չ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ի ներկայացուցիչները ցարդ չարձագանգեցին Ատրպէյճանէն հնչած սպառնալիքներուն։
Իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ Գէորգ Պապոյեան պատճառաբանեց, թէ ծանօթ չէ ատրպէյճանցի պաշտօնեայիn յայտարարութիւններուն, հակառակ անոր որ անիկա հրապարակուած է մամուլին մէջ: «Որեւէ բան մեկնաբանելու համար շատ ճիշդ եւ արդիւնաւէտ կը լինի` ես կարդամ մէկ անգամ գոնէ, ամբողջ կոնտեքստն ընկալեմ, նոր մեկնաբանեմ»:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Պաքու մերժած է համաձայնեցուած կէտերով փաստաթուղթ մը ստորագրելում եւ չհամաձայնեցուածներու քննարկումը ապագային ձգելու Երեւանի առաջարկը` պնդելով, որ բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ պէտք է համաձայնեցուի. այժմ կողմերը այդ մէկը կը փորձեն ընել։ Ատրպէյճանի վերջին խմբագրուածը Երեւանը ստացաւ 5 Նոյեմբերին, սակայն փաստաթուղթին վերաբերող մանրամասնութիւններ չկան։
Ըստ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի՝ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ Պաքու սպառնալիքով Երեւանին կը պարտադրէ ոչ-հայանպաստ փաստաթուղթ մը ստորագրել:
«Հիմա իրենք ասում են` ընդամէնը մի կէտի շուրջ, փոքր ինչ-որ բովանդակութիւն, եսիմ ինչեր, Արարատ Միրզոյեանի լիրիկան (քնարերգութիւնը), վստահ եմ, տեսել էք, յիշում էք: Եւ հիմա իրենց Անվտանգութեան խորհրդի քարտուղարը շատ աւելի յստակ էր, ասեց` կա՛մ սենց, կա՛մ նենց, որովհետեւ փաստաթուղթը, որը դրուած է սեղանին, խաղաղութիւն չի, դա կապիտուլեացիայի (յանձնուողականութեան) փաստաթուղթն է. երբ մենք առաջին անգամ տեքստը տեսանք, դա մեր յայտարարութիւնն էր, մանրամասները չեմ կարող ներկայացնել, բայց դա խաղաղութիւն չի բերելու», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց Խաչատրեան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ միւս կողմէ իշխանութենէն վստահեցուցին, որ բանակցութիւններուն մէջ դրական զարգացումներ կան, եւ առաւել քան երկու տարուան քննարկումներէ ետք, պայմանագիր կնքելու կարելիութիւնները երեւելի են։ Սակայն, Պապոյեան այս պնդումը կատարեց առանց բովանդակային մանրամասնութիւններու: «Այն գործընթացը, որը հիմա կայ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ, իմ մօտ տպաւորութիւն է թողնում դրական իմաստով, որ մենք, այնուամենայնիւ, կը գնանք եւ, գնում ենք դրան եւ ստորագրելու ենք խաղաղութեան պայմանագիրը: Ինչ-որ կէտեր են եղել, որի շուրջ անհամաձայնութիւնը եղել է շատ աւելի մեծ, հիմա բանակցութիւնների արդիւնքում այդ չհամաձայնեցուած կամ քննարկելի կէտերի շրջանակը էականօրէն փոքրացել է», յայտարարեց «Քաղաքացիական պայմանագիր»ի Պապոյեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաձայնագիրին բովանդակութեան կարգ մը կէտեր հանրային դարձուց, բայց վիճայարոյց յօդուածներուն մասին ան եւ իր խմբակիցները կը մերժեն խօսիլ՝ պատճառաբանելով, թէ կը խախտեն բանակցային բարոյագիտութեան:
Արթուր Խաչատրեան Հայաստանի դիւանագիտութեան ձախողութիւնը կը նկատէ նաեւ այն, որ Պաքուի սպառնալիքներուն դէմ յանդիման Երեւան մնացած է միայնակ` առանց որեւէ միջազգային դերակատարի մը լուրջ աջակցութեան:
«Եւ Փաշինեանը, ով Ադրբեջանի դէմ չի կարողանում ոչինչ անի, գալու է ժողովրդին շանտաժի ենթարկի (սպառնալիք կարդայ), ասելու է` «Դէ տեսէք, եթէ սա չանենք, կը լինի պատերազմ»: Նոյնը չէ՞ր` «Եթէ սա չանենք, Ղարաբաղը չտանք, յարձակում կը լինի Հայաստանի վրայ», «Եթէ սահմանազատում չլինի Կիրանցում, կռիւ կը սկսուի»: Ու էդ քաղաքականութիւնը իրենք շարունակելու են: Փաշինեանը ադրբեջանական պահանջները փորձում է սեփական ժողովրդի վրայ ծախել», յայտարարեց Խաչատրեան:
Առանց միջնորդներու` ուղիղ բանակցութիւններ կատարելու գաղափարը սկզիզբէն Պաքու առաջադրեց՝ զուգահեռ պոյքոթի ենթարկելով արեւմտեան առաջնորդներուն միջնորդութեամբ բանակցութիւնները: Հիմա հայաստանցի պաշտօնեաները նկատել կու տան, որ ասիկա առաւել արդիւնաւէտ ձեւաչափ է: