
«ՄԵՆՔ՝ ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐՍ, ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆՔ ՓԱՓԱՔԻՐ ԿԱՅՍԵՐԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄ ՄԵՐ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻՆ ՄԷՋ». ՄԱՔՐՈՆ
Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի հինգերորդ վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան hանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Մաքրոն քննարկումին ընթացքին արտասանած իր կարճ խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Երեւան եւ Պաքու պիտի կարենան խաղաղութեան պայմանագիր կնքել: «Շատ կարեւոր է ամէն ինչ ընել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապագայ մը կառուցելու համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մենք՝ եւրոպացիներս (…), այլեւս չենք փափաքիր կայսերապաշտութիւն եւ այլեւս չենք ուզեր սահմաններու վերանայում մեր ցամաքամասին մէջ», շեշտեց Մաքրոն:
Իսկ Փաշինեան շեշտեց Հայաստանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ տարածաշրջանային ապահովութեան ու կայունութեան երաշխաւորման քայլերուն:
Փաշինեան եւ Մաքրոն կարեւոր նկատեցին պարբերական բնոյթը բարձր մակարդակի հանդիպումներուն, որոնք կարելիութիւն կը ստեղծեն քննարկելու թէ՛ երկկողմ օրակարգի եւ թէ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:
Կողմերը անդրադարձան տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու վերաբերող հարցերու: Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր, որոնց կարգին՝ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու եւ վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ երկխօսութեան ընթացքին: