
Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ աղօթք բարձրացուեցաւ՝ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայորդիներու ազատ արձակման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնման համար։
Էջմիածինի մէջ, Գարեգին Բ. Աﬔնայն Հայոց կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ Միածնաէջ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագիչն էր Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան:
Արարողութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Պաքուի բանտին մէջ ապօրինի պահուող հայ պատանդներու եւ գերիներու ընտանիքներու անդամներ:
Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ կաթողիկոսին, բարձրացուեցաւ միասնական աղօթք, որ նաեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։

Այս առիթով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր հայրապետական ուղերձը յղեց հայ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ կաթողիկոսը, Մայր Աթոռի միաբանները եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք առաքեցին առ Աստուած՝ բռնի տեղահանուած արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մասնաւորապէս գերի դարձած հայորդիներու ազատութեան համար:
Ասոր զուգահեռ, նկատի ունենալով 11էն 22 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿի Կլիմայի միջազգային համագումարին իրականացումը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը առիթը լաւագոյնս օգտագործելով՝ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը անգամ մը եւս հրաւիրեց Արցախի հայութեան պապենական հողերը վերադառնալու իրաւունքին եւ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով գերի տարուած մեր հայորդիներուն ազատ արձակման պահանջին։ Այս ծիրին մէջ, ան միջազգային համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու հետ կապեր հաստատեց եւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին իբրեւ նախագահ՝ նամակ ուղղեց անոր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Ասիոյ, հիւսիսային ու հարաւային եկեղեցիներու խորհուրդներուն, որպէսզի պաշտօնական հաղորդագրութիւններով եւ հրապարակային կերպով դատապարտեն Ատրպէյճանի վարած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը եւ պահանջեն Արցախի հայութեան գծով արդարութեան հաստատումը՝ մարդկային իրաւանց միջազգային օրէնքներու լոյսին տակ։ Արամ Ա. կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեամբ նաեւ թելադրեց բոլոր թեմերուն յատուկ աղօթք կատարելու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու շուտափոյթ վերահաստատման։


Այդպիսով ալ, Կիրակի, 10 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ յատուկ աղօթք՝ Արցախի հայութեան համար։
Ստորեւ՝ աղօթքին բովանդակութիւնը.
«Տէր Աստուած, փառք քեզի, որ Քու մարդասիրութիւնդ ցոյց տուիր մարդկութեան հանդէպ՝ քու Որդիիդ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբ, որ փրկեց մեզ իր սուրբ արիւնով։ Ինչպէս միշտ, այժմ ալ, մեր ազգին մէջէն ընտրեցիր եռանդուն քաջեր, որոնք հաւատքի կրակը Հայրենիքի սիրոյն հետ անքակտելիօրէն միաւորեցին եւ հերոսաբար ընդդիմութիւն ցոյց տուին անօրէն թշնամիին։ Տէ՜ր, այստեղ հաւաքուած ծառաներդ, իրենց աղաչանքը բարձրացնելով՝ Քու պահպանութիւնդ կը խնդրեն հայրենի Արցախէն տեղահանուած 120.000 հայորդիներուն համար, որոնք զրկուեցան իրենց հողէն ու տունէն։ Զանոնք Քու սուրբ հովանիիդ տակ պահէ եւ հայրական խնամքիդ արժանի դարձուր։ Յիշէ՛, Տէ՜ր, հայրենի Արցախէն պատանդ տարուած մեր ղեկավարները, ռազմագերիներն ու առեւանգուած մեր հայորդիները, որոնք բանտերու մէջ ապօրինաբար գերի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ։ Ո՜վ ազատարար Փրկիչ, Քու բարի կամքիդ համաձայն ազատութիւն շնորհէ մեր գերիներուն, որպէսզի անոնք ապահով կերպով վերադառնան Հայրենիք եւ միանան իրենց ընտանիքներուն։ Քու ողորմութեամբդ յիշէ՛ Հայաստանի ու Արցախի նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն մեր հողին ու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Յիշէ անոնց հոգիները Քու երկնային արքայութեանդ մէջ, իսկ անոնց սգակիր հարազատներուն Սուրբ Հոգիիդ մխիթարութիւնը պարգեւ։
«Տէ՜ր Աստուած, անսասան պահէ ու պահպանէ մեր հայրենիքը ամէն տեսակ չարիքներէ։ Պահպանութեան նշանդ՝ սուրբ խաչը կանգնեցուր հայրենի սահմաններուն վրայ, որպէսզի թշնամին չմօտենայ մեզի՝ իր նենգ դաւերով ու ծրագիրներով։ Աւելցո՛ւր շնորհքն ու իմաստութիւնը մեր ազգի ղեկավարներուն եւ հզօր պահէ հայոց բանակը։ Երկարէ՛ ձեռքդ, ո՜վ Տէր, եւ օրհնէ հայ ժողովուրդը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Ամենակարող զօրութեամբդ ամրացուր մեր ազգն ու սուրբ եկեղեցին՝ զանոնք պահելով միասնակամ ու անսասան, որպէսզի դառնանք Քու սուրբ անունդ փառաբանողներ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն»։