
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 106ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը։
Հանդիսութեան ներկայ էին առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ թեմի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդի ներկայացուցիչ Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներ, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ՀՄԸՄական քոյրեր ու եղբայրներ:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, դաշնամուրի կատարողութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի:
Օրուան հանդիսավարներն էին՝ ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենադպրուհի Անի Մինասեան եւ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդի անդամ Վանենի Մինասեան- Պէպէճեան։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան անդամ Աբիկ Խաչոյեան։ Ան յայտնեց, որ միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի ու օտարացումի վտանգներուն դէմ, սակայն, ՀՄԸՄականներու բարձր գիտակցութեան շնորհիւ, հասակ պիտի առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ։
Հանդիսատեսները հետեւեցան ՀՄԸՄի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ 5 մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնները ներկայացնող տեսերիզի մը, որ պատրաստուած էր Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Նայիրի Ազարիկեան-Արոյեանի կողմէ։
Գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցաւ փունջ մը ազգային երգեր՝ կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ՝ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։ Ապա, Մկօ Ղազարեան (դաշնամուր) եւ Շողեր Տէր Յովհաննէսեան (ջութակ) ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը։
Արինա Պօշկէզէնեան, Աննա Պետրոսեան եւ Համազասպ Շաքարեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Երգ Շքերթի» եւ Ժագ Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» քերթուածները։ Ասմունքի պատրաստութեան հսկեց Արա Մութաֆեան։
Տօնակատարութեան բանախօսն էր ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, որ երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջամիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր՝ պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ Նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։
Խաչերեան հաստատեց, թէ 106 տարեկան ՀՄԸՄը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն, աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը։
ՀՄԸՄի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեան:
Ան նախ անդրադարձաւ 106 ամեայ ՀՄԸՄի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց մարմնամարզի կողքին միութեան ունեցած կարեւոր դերը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու նոր սերունդին մէջ։
Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան առաջնորդը, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Աւետիս Տէրվիշեանը եւ Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յարութ Օգճեանը՝ կատարելու Ծառայութեան շքանշանի տուչութիւն տարիներու ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ ՀՄԸՄականներուն՝ Հայկազ Ասատուրեանին, Պատրիք Չրաքեանին, Վիգէն Մարաշլեանին, Մարիա Սէրայտարեանին, Խոսրով Մանսուրեանին, Սուրէն Մանսուրեանին, Յարութ Ղազարեանին, Զաքար Ղազարեանին եւ Ռաֆֆի Նազարեանին (յետ մահու)։
Այնուհետեւ Շրջանային վարչութեան անունով առաջնորդ սրբազան հօր եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին փոխանցուեցան յուշանուէրներ։
Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։