
Շաբաթ, 2 Նոյեմբերի երեկոյեան, շուրջ 190 մասնակցողներու ներկայութեամբ, Կլենտէյլի Pheonicia ճաշարանին մէջ, Փասատինայի Հայ եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցին հանդիսաւոր ճաշկերոյթով նշեց իր վերակազմաւորման 53րդ տարեդարձը, ինչպէս նաեւ ծննդեան 100ամեակը առաջին Եղբայրութեան եկեղեցւոյ, որ պաշտօնապէս ծնունդ առած էր 1924ին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, Աբրահամ եղբայր Սէֆերեանի առաջնորդութեամբ։
19րդ դարու վերջերուն, արդէն իսկ Կիլիկիոյ շրջանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ գոյութիւն ունէին «եղբայրութեան խմբակներ», որոնք կը յատկանշուէին իրենց պահպանողական աստուածաբանական համոզումներով, մասնաւորաբար՝ Աստուածաշունչէն ներշնչուած եւ անսխալական վարդապետութեամբ, ինչպէս նաեւ սրբութեամբ կեանք մը ապրելու ջատագովութեամբ։

1920ականներուն, սոյն շարժումը առաւել մեծ ծաւալ ստանալով՝ կազմեց Հայ Աւետարանական եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցին, որուն հիմնադիրները Հալէպի մէջ նաեւ հաստատեցին ամէնօրեայ «Կենաց» վարժարանը, քարոզիչներ եւ աւետարանիչներ պատրաստելու լսարան մը, ինչպէս նաեւ տպագրատուն մը՝ աւետարանչական բնոյթով պարբերականներ, գրքոյկներ եւ թերթիկներ հրատարակելու եւ ցրուելու համար։ Շուտով, Եղբայրութեան եկեղեցիներու այլ մասնաճիւղեր բացուեցան Սուրիոյ, Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու հայկական գաղթօճախներու մէջ։
Տասնամեակներու վրայ, երբ սոյն եկեղեցիներէն անդամներ Հարաւային Քալիֆորնիա կը տեղափոխուէին, Փասատինային մէջ, 1971ին վերակազմաւորուած Եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցին դարձաւ անոնց հոգեւոր նոր ընտանիքը եւ հաւաքականութիւնը։
Վերոնշեալ հանդիսութեան յայտագիրը վարեց Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան։ Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր եկեղեցապատկան պատանի-երիտասարդներու կատարողութեամբ հայկական եւ հոգեւոր երաժշտութիւններ, ասմունք եւ մեներգներ։
Օրուան պատգամը փոխանցեց վեր. Դանիէլ Ալպարեան։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ իր հոգեւոր աճին մէջ Եղբայրութեան եկեղեցւոյ ունեցած դերին եւ ընդգծեց տասնամեակներու վրայ անխոնջ ծառայութիւնով ու նուիրումով եկեղեցւոյ առաքելութիւնը յառաջ տանող նուիրեալ եղբայրներու եւ քոյրերու ներդրումները։
Երեկոն աւարտեցաւ «Փառաբանութեան» երգով եւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի փակման աղօթքով։
Փասատինայի Հայ Եղբայրութեան Աստուածաշունչի եկեղեցին իւրաքանչիւր Կիրակի առաւօտ կը շարունակէ ունենալ պաշտամունքի երկու հաւաքներ, ժամը 9ին՝ անգլերէնով իսկ 11ին՝ հայերէնով։