Հնդկաստան Bharat Electronics Limited-ի (BEL) արտադրած «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգի առաջին մարտկոցը Հայաստան ուղարկած է, հաղորդեց The New Indian Express-ը:
«Աքաշ»ը Պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ մշակումներու կազմակերպութեան կողմէ ստեղծուած «երկիր-օդ» դասի հրթիռ է, որ կրնայ խոցել մինչեւ 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող կործանիչներ, թեւաւոր հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր եւ այլն:
The New Indian Express-ը կը նշէ, որ Հայաստան 2022ին շուրջ 710 միլիոն տոլար արժողութեամբ 15 «Աքաշ» հրթիռային համակարգերու ձեռքբերման պայմանագիր կնքած է Հնդկաստանի հետ:
Նշենք, որ Հայաստան առաջին օտար երկիրն է, որ գնած է այս հրթիռային համակարգը, սակայն, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմական գնումները չի բացայայտեր: