13 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մասին՝ նշելով, թէ Երեւան պատասխանած է պայմանագիրին վերաբերեալ Պաքուի առաջարկներուն, որոնք ուղարկուած էին 5 Նոյեմբերին։
Այս ծիրին մէջ ան դարձեալ պնդեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ չի պարունակեր, մինչդեռ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ Հայաստանի նկատմամբ կան տարածքային պահանջներ, սակայն, հայկական կողմը, ըստ Փաշինեանի, այդպիսի պահանջ չի ներկայացներ երկու պատճառով. «նախ, որ գործընթացը փակուղի չմտնի, երկրորդ` ստորագրուած համաձայնագիրը գերակայ է լինելու ներքին օրէնսդրութեանը»:
Սակայն, Փաշինեան չբացառեց սահմանադրական փոփոխութիւնները: «Եթէ Սահմանադրական դատարանը որոշի, որ խաղաղութեան պայմանագրի տեքստը (բնագիրը) չի համապատասխանում Սահմանադրութեանը, Հայաստանն կարող է նախաձեռնել սահմանադրական փոփոխութիւններ», ըսաւ Փաշինեան, ըստ որուն,
Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը նախ փակուղի պիտի մտցնէ խաղաղութեան գործընթացը, երկրորդ` խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցուած մասին մէջ կայ յօդուած մը, որ կողմերը չեն կրնար յղում կատարել իրենց ներքին օրէնսդրութեան` արդարացնելու համար պայմանագիրի իրագործման ձախողումը:
Փաշինեան մէջբերեց նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի համաձայնեցուած մասէն այլ յօդուած մը, ըստ որուն, կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, իրարմէ տարածքային պահանջներ չունին։
Փաշինեան Ատրպէյճանի հետ խաղաղ ապրելու նոր գաղափար մը ունի` այդ երկրին հետ կնքել ռազմավարական գործարք: Ան դարձեալ մանրամասնութիւններ տուաւ Քազանի բանակցութիւններէն, ընդ որում`ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի նախագահին հետ այդքան երկար խօսակցութիւն նախապէս չէր ունեցած, գոհ էր, «ամենակարեւոր հատուածը հէնց սա է»:
Ան աւելցուց, որ ռազմավարական գործարքին վերաբերեալ իշխանութիւնը պատկերացում ունի` անիկա պիտի խարսխուի իրական Հայաստանի հայեցակարգին վրայ: Սակայն, ան չըսաւ, թէ ինչ եղած է Ատրպէյճանի նախագահին արձագանգը։
Փաշինեան նաեւ խօսեցաւ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մասին՝ նշելով, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան փոխադարձ ընդունելի լուծում մը ունենալ։ Այս գծով Քազանի մէջ բանակցութիւններուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն տալով՝ Փաշինեան ըսաւ. «Մենք այս առաջարկը գրաւոր ձեւով փոխանցել ենք Ադրբեջանին», առանց բովանդակութեան մէջ թափանցելու։
Նոյն օրը, աւելի կանուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած էր, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան աշխոյժ կերպով կը բանակցին երկաթուղիի գործարկման շուրջ, սակայն ան բանակցութիւններուն կամ ծրագիրին մասին մանրամասնութիւններ չտուաւ։
Երթեւեկի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ Երեւան եւ Պաքու արդէն չորս տարիներէ ի վեր կը բանակցին, առայժմ` առանց արդիւնքի: Հայկական կողմը դէմ է միջանցքային տրամաբանութեան, իսկ Ատրպէյճան այդ տարիներուն, կիրարկելով «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը, առանց ստուգումներու անցում կը պահանջէ Սիւնիքով դէպի Նախիջեւան: Փոխուա՞ծ է արդեօք Պաքուի դիրքորոշումը` վարչապետ Փաշինեան մանրամասնութիւններ չտուաւ:
Ինքնին այդ տարակարծութիւններուն պատճառով ամիսներ առաջ հաղորդուեցաւ, թէ կողմերը որոշած են հարցը հանել խաղաղութեան պայմանագիրէն` զայն հետագային քննարկելու համար:
Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան նախորդող օրերուն «Ազատութեան» հաղորդեց, որ ապաշրջափակման շուրջ Երեւանի նոր առաջարկները իբրեւ առանձին փաստաթուղթ դրուած են բանակցութեան։
Խորհրդարանի նիստին ընթացքին, Միրզոյեան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստանի ոեւէ պաշտօնեայ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ՔՈՓ 29ին մասնակցելու դիմում չէ ներկայացուցած։
Օր մը առաջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանէն որոշ ներկայացուցիչներ արձանագրուած են այս վեհաժողովին։
Միրզոյեան չբացառեց, որ հանրային կազմակերպութիւններ «այդպիսի բան արած լինեն», թէեւ աւելցուց, որ ինք այդպիսի տեղեկութիւն չունի։ «Բայց եթէ դա նկատի ունեն, գիտէք` Հայաստանն ազատ, ժողովրդավարական երկիր է, եւ կառավարութիւնը ոչ ցանկութիւն ունի, ոչ էլ լծակներ` ուղղորդելու կամ կառավարելու քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններին», ըսաւ Միրզոյեան: