Հայաստան վերջերս սկսած է իր բանակին համար արտադրել զինամթերք՝ ջանալով քայլ պահել հարաւային Կովկասի այլ զինական ճարտարարուեստներու հետ:
Զինագործարանին (որ շուրջ 4.7 միլիոն տոլարի ծախսով մը վերաբացուեցաւ Սեպտեմբերին) սեփականատէրն է հայկական DG Arms Cooperation ընկերութիւնը՝ Հայաստանի միակ զինամթերքի արտադրիչը: Նշենք, թէ Երեւանի զինամթերքին մեծ մասը կու գայ Ռուսիայէն:
Զինագործարանը այժմ ունի տարեկան հարիւր միլիոն փամփուշտ արտադրելու պատուէր՝ բոլորը հայկական բանակին համար: Ընկերութեան վարիչ Պարթեւ Մուշեղեանի համաձայն, կը ծրագրուի 22 միլիոն ծախսել գործարանին վրայ, որպէսզի անոր արտադրական կարողութիւնը աւելնայ 70 միլիոն փամփուշտով: Յառաջիկայ տարի գործարանը պիտի արտադրէ նաեւ փամփշտարգել բաճկոններ: Ըստ Մուշեղեանի, գործարանը պիտի մտնէ միջազգային շուկայ, երկրին կարիքները ամբողջացնելէ ետք: Այս պատճառով ալ գործարանի արտադրութիւնը պիտի ըլլայ ՆԱԹՕի մակարդակով:
«Մեր զինական արտադրութիւնը՝ հայկական իշխանութիւններու արտօնութեամբ պիտի արտածուի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական միութեան պատժամիջոցներուն ենթակայ չեղող եւ Հաւաքական ապահովութեան դաշնագրի անդամներու (CSTO) շահերուն չվնասող երկիրներու», կը յայտնէ Մուշեղեան:
Զինագործարանը վերաբացուեցաւ երկու ընկերութիւններու՝ Neutron-ի եւ Bagavan-ի սեփականաշնորհումէն ետք: Neutron առաջին անգամ փամփուշտ սկսաւ արտադրել 1986ին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ պատերազմին ընթացքին: Սակայն անկարող էր պահանջը գոհացնելու, ինչ որ մղեց Հայաստանը՝ պակսող զինամթերքը ներածելու քայլին:
Վերջին տասնամեակին եւս արտադրութիւնը կը շարունակուի: Երեւանի վերաձեւաւորուած գործարանին մէջ այսօր կը բանին 120 աշխատաւորներ: Կը ծրագրուի մասնաճիւղ մը բանալ նաեւ Աբովեանի մէջ:
Ցարդ կառավարութիւնը որեւէ պետական նպաստ չէ յատկացուցած գործարանին, սակայն կը նպատակադրէ զինական ճարտարարուեստ ունենալ:
Գործարանի բացման արարողութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Պէտք է վերաորակաւորենք մեր գործարանները: Ասիկա ուղղակիօրէն կապ ունի մեր երկրին զինական կարողութեան հետ: Եթէ գործարանը իր ամբողջ կարողութեամբ բանի, ապա կարգ մը զինամթերքներու մեր պահանջը պիտի գոհացնէ»:
Իսկ պաշտպանութեան նախկին նախարար Արթուր Աղաբէկեան, որ այժմ կը գլխաւորէ Ազգային ապահովութեան ներքին հարցերու խորհրդարանական յանձնաժողովը՝ կ’ըսէ. «Գոհացուցիչ է գիտնալ, թէ սեփական դրամագլուխով գործող գործարան մը զինամթերք կ’արտադրէ: Վստահ եմ, որ եթէ պետութիւնը ճիշդ ձեւով մօտենայ հարցերուն, երեւան պիտի գան ներդնողներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան ներդրումներ կատարելու զինական մարզին մէջ: Պէտք է կարենանք օժանդակել այս գործընթացին»:
Դէտերու կարծիքով, գործարանին բացումը փոքր նախաքայլ մըն է աւելի ինքնաբաւ դարձնելու Հայաստանի բանակը: Կը սպասուի, որ կառավարութեան պաշտպանութեան 2008ին պիւտճէն բարձրանայ 20 առ հարիւրով՝ հասնելով 380 միլիոն տոլարի, ինչ որ պետական ծախսերուն 10 առ հարիւրն է: Նշենք, որ իբրեւ CSTO-ի անդամ (նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներու պաշտպանական խմբակցութիւն) Ռուսիայէն Հայաստանի զինամթերքի գնումները ենթակայ են 30 առ հարիւր զեղչի:
Թէեւ վարչապետ Սարգիսեան յայտնեց, թէ զինագործարանին բացումը կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի անլոյծ տագնապին հետ, սակայն շատ մը դէտեր համակարծիք չեն: Ատրպէյճան, որ վերջերս զինուորական ճարտարարուեստը վերահսկող նախարարութիւն մը յառաջացուց, աշխարհի ամէնէն աճող պաշտպանութեան պիւտճէն ունի: Պաքուի 2007ի զինուորական ծախսերը անցած են մէկ միլիառ տոլարը, իսկ նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, թէ կ’ուզէ, որ իր երկրին պաշտպանութեան պիւտճէն ըլլայ աւելի քան Հայաստանի կառավարութեան ամբողջ պետական ամավարկը:
Ուաշինկթընի մէջ, շրջանի մասնագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեան կ’ըսէ. «Ըստ ինծի, զինագործարանը կարեւոր է Ատրպէյճանին ցոյց տալու համար, թէ պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահպանենք եւ համապատասխան քայլ առնենք: Ապագային, Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանի նման զարգացնէ զինական ճարտարարուեստը: Ասիկա Ատրպէյճանի հետ համահաւասար դիրքի վրայ կը դնէ մեզ»:
Ապահովութեան հարցերու մասնագէտ Դաւիթ Պետրոսեանի համաձայն, Հայաստան կը ջանայ բազմացնել զինամթերքի իր աղբիւրները: «Հայաստան որոշ պարագաներու Սերպիայէն զինամթերք գնեց: SU-25 տիպի օդանաւեր գնուեցան մինչեւ իսկ Սլովաքիայէն: Զինամթերք ներածուեցաւ նաեւ Չինաստանէն եւ Պելոռուսէն: Սակայն միշտ Ռուսիան էր գլխաւոր մատակարարը», կ’ըսէ ան: Պետրոսեան կ’աւելցնէ, որ տակաւին շատ կանուխ է խօսելու համար հայկական անկախ զինուորական ճարտարարուեստի մասին: Փամփուշտ արտադրելով Հայաստան ինքզինք զինած չ’ըլլար, կը բացատրէ ան: Անոր կարծիքով, շատ կարեւոր է, որ Հայաստան զէնքեր կարենայ նորոգել, նոյնիսկ եթէ չկարենայ զանոնք արտադրել: Իսկ Կիրակոսեան կ’աւելցնէ, թէ Հայաստան սկսած է զինուորական յաջողութիւն ունենալ, պաշտպանական մարզի բարեկարգումներէն եւ ՆԱԹՕի հետ գործակցութենէն ետք:
«Ըստ ինծի, Հայաստան մեծապէս կախեալ է Ռուսիայէն. օրինակ՝ Հայաստանի զինուորական օդուժը որոշ չափով տկար է եւ ենթակայ՝ ռուսական ազդեցութեան: Պիտի ուզէի մեր զինուորական կարողութիւնը աւելի անկախ տեսնել», կ’աւելցնէ Կիրակոսեան:
«ԻՆՍԹԻԹԻՈՒԹ ՖՈՐ ՈՒՈՐ ԷՆՏ ՓԻՍ»