
Փարիզ կը շարունակէ իր գաղութատիրական քաղաքականութիւնը` «ճնշել», «թալանել», «սպաննել» գաղութներու բնակչութեան։ 13 Նոյեմբերին ՔՈՓ 29 վեհաժողովին այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` քննադատելով Ֆրանսիան:
Ալիեւ պնդեց` թէ այս տարի Նոր Քալետոնիոյ մէջ Ֆրանսայի իշխանութիւնները «բողոքի ցոյցերու մասնակիցները սպաննած եւ աւելի քան հազար մարդ ձերբակալած են»: Ֆրանսայի կառավարութիւնը Պաքուն մեղադրեց այդ անկարգութիւններ հրահրելու մէջ: Շարք մը անկախ հետաքննութիւններ եւս փաստեցին, որ ընկերային ցանցերու վրայ Ալիեւի կուսակիցները ներգրաւած են համակարգուած ապատեղեկատուութեան քարոզարշաւին մէջ` տարածելով կեղծ, մոլորեցնող լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր Նոր Քալետոնիոյ մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն վերաբերեալ:
«Այսքանէն ետք Ֆրանսան չմեղադրուեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովին, Եւրոպական խորհրդարանին կամ Եւրոպական խորհուրդին կողմէ: Ասիկա քաղաքական կեղծաւորութիւն է: Եւրոպական խորհրդարանը եւ ԵԽԽՎն քաղաքական փտածութեան խորհրդանիշներ են», յայտարարեց Ատրպէյճանի առաջնորդը, որ, ինչպէս պարզած էին լրատուամիջոցները, նախորդ տարիներուն միլիառաւոր տոլարներ ծախսած է արեւմտեան ազդեցիկ քաղաքական գործիչներու, նաեւ՝ ԵԽԽՎի բազմաթիւ պատգամաւորներու վրայ, որպէսզի վերջիններս աչք փակեն Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող ճնշումներէն եւ հարկ եղած պարագային պաշտպանեն իր վարչակարգը:
Ֆրանսայի` Կենսոլորտային անցման հարցերու գծով նախարար Անիէս Փանիէ Ռիւնաշէ երկրի խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին կտրուկ կերպով արձագանգեց Իլհամ Ալիեւի որակումներուն՝ շեշտելով, որ Ֆրանսան անպատասխան չձգէ այդ յայտարարութիւնները:
«Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի դէմ նախագահ Ալիեւի կատարած արտայայտութիւնները անընդունելի են: Անկարելի է արդարացնել ուղղակի յարձակումները մեր երկրին, անոր կառոյցներուն եւ տարածքներուն նկատմամբ: Ատրպէյճան անձնական շահերուն համար կ՛օգտագործէ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը, ինչ որ վայել չէ: Այդ յարձակումները CCNUCC-ի (Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿի շրջանակային պայմանագիրի կողմերու համաժողով) վարքին կոպտագոյն խախտում են: Անոնք անպատասխան չեն մնար: Զաւեշտալի է նաեւ, որ հալածող եւ ազատութեան դէմ հանդէս եկող Ատրպէյճանի վարչակարգը մարդու իրաւունքներուն մասին դասեր կու տայ», ըսաւ ան։
Նախարարը անընդունելի նկատեց նաեւ հանածոյ վառելիքի տեսակներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի աջակցութեան արտայայտութիւնները այն պարագային, երբ ֆրանսական եւ եւրոպական դիւանագիտութիւնը ՔՈՓ 28ի մէջ հասած է հանածոյ վառելիքի տեսակներու օգտագործումէն աստիճանաբար հրաժարելու վերաբերեալ համընդհանուր համաձայնութեան ձեռքբերման:
Նախարարը յայտարարեց նաեւ, որ այս նոր իրավիճակ լոյսին տակ, Ֆրանսայի նախագահին եւ վարչապետին հետ քննարկելէ եւ համաձայնեցնելէ ետք, որոշած է ձեռնպահ մնալ յաջորդ շաբաթ Պաքու մեկնելէ: