ՊԱԱԼՊԵՔԻ ՄՕՏԵՐԸ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ 15 ԶՈՀԵՐ ԽԼԵՑ
Իսրայէլեան օդուժը Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ շարունակեց իրերայաջորդ յարձակումներ գործել Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ, մինչ իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի շարք մը գիւղեր: Շարունակուեցան նաեւ Պեքաայի գիւղերուն վրայ անոր յարձակումները:
Նաեւ, Պաալպեքի մօտերը գտնուող Տուրիսի մէջ, առնուազն 15 անձեր իսրայէլեան յարձակումի մը զոհ գացին։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ բանակին 188րդ զօրաբաժինը հարաւային Լիբանանի մէջ նոր շրջաններ հասած է եւ քանդած «Հըզպալլա»ի «Ռատուան» յատուկ ուժերու հրթիռարձակման հարթակներ ու զէնքերու պահեստանոցներ:
«Հըզպալլա»ի զինեալները հարաւային Լիբանանի Այթարուն եւ Այնաթա գիւղերու մերձակայքը բուռն բախումներ ունեցան իսրայէլեան ուժերուն հետ` անոնց շարքերուն մէջ պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի Լապպունա եւ Այն Զարքա շրջաններուն մէջ եւս այդպիսի բախումներ տեղի կ՛ունենան:
«Հատաս»ը աւելի ուշ հաղորդեց, որ այդ բախումները տարածուեցան դէպի Շամըհ եւ Պայատա գիւղերը:
«Հըզպալլա»ն իր կարգին հրթիռակոծեց Մարքապա գիւղի արեւելեան ծայրամասերուն, Մարքապա եւ Հուլա գիւղերուն միջեւ իսրայէլեան ուժերուն գտնուած վայրը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակի Նահարիա քաղաքի արեւելքը գտնուող Նեթիֆ Հաշայարա բնակեցման վայրին մէջ 146րդ ջոկատի գումակային ռազմակայանը:
Նշենք, որ իսրայէլեան ուժերը Հինգշաբթի օր, Եարին գիւղին մէջ մզկիթ մը ականապատելով պայթեցուցին:
«Առաջին անգամ ըլլալով` տարբեր տեսակի անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործեցինք Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին վրայ», նախապէս յայտարարած էր«Հըզպալլա»ն:
Նաեւ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ շէնք մը փուլ եկած է իսրայէլացի զինուորներու վրայ. մահացան 7 իսրայէլացի զինուորներ: