
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան 31 Հոկտեմբերէն 5 Նոյեմբեր, հովուական այցելութեամբ եղաւ Սան Ֆրանսիսքօ եւ իր կեցութիւնը համայնքին մէջ իմաստաւորեց զանազան բնոյթի գործունէութեամբ:
31 Հոկտեմբերին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը հասաւ Սան Ֆրանսիսքոյի ծուխը եւ ընդունուեցաւ Ս, Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանի եւ Ազգային երեսփոխան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանի պատասխանատու ազգայիններէն Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, ապա, երեկոյեան, ան գլխաւորեց պաշտօնական հանդիպում եւ ընթրիք՝ Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն հետ եւ մօտէն առնչութիւն ունեցաւ անոնց աշխատանքային առօրեային, ծրագիրներուն եւ իր հովուական այցելութեան մանրամասնութիւններուն: Հուսկ, ան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր, ծառայական եւ կամաւորական աշխատանքները վարող նուիրեալ ազգայիններուն:


1 Նոյեմբերին, սրբազանը փրոթոքոլային հանդիպում մը ունեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս Սալվատորէ Քորլէոնի հետ, ընկերակցութեամբ հայր Սմբատի, տէր Արցախի եւ Ռոստոմ Այնթապլեանի: Հանդիպումը նպաստեց փոխադարձ ծանօթացման եւ երկու եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն միջեւ սրտագին բարեմաղթութիւններու փոխանակման: Գեղամ արքեպիսկոպոսը՝ Քրիստոսով եղբայրացած արքեպիսկոպոսին նուիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսի The Armenian Church գիրքէն օրինակ մը եւ հայկական փոքր չափի խաչքար մը, ապա անոր ճաշի հիւրը եղաւ: Հանդիպումը ընդգրկեց յատկապէս քրիստոնեայ եւ մասնաւորաբար ամերիկեան աշխարհը յուզող հարցերու անդրադարձ, երկու եկեղեցիներու հիմնարար սկզբունքներու փոխադարձ ծանօթացման լոյսին տակ:
2 Նոյեմբերի երեկոյեան, Գեղամ սրբազանը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն ընթացքին կատարեց կիսասարկաւագաց եւ դպրաց աստիճանի տուչութիւն: Կիսասարկաւագաց կարգի արժանացան Լեւոն Պամուկեան եւ Արշակ Պամուկեան: Առաջնորդը շնորհաւորեց նուիրեալներու մուտքը եկեղեցւոյ նուիրապետական կրտսեր աստիճանները եւ անոնց մաղթեց յանձնառու ծառայութիւն:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը նաեւ դիտել տուաւ, որ ընծայեալները թէեւ կրտսեր աստիճանին դրին ոտք, բայց անոնք իրենց կեանքին մէջ բացին եկեղեցւոյ ծառայական մեծ դաշտերու նախամուտքը եւ այս իմաստով գնահատեց բոլորին գիտակից վերաբերումը՝ Հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին նկատմամբ, ապա իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց անոնց ծնողներուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին:


Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ յատուկ հիւրասիրութեամբ մը առիթ տրուեցաւ ներկաներուն, որ իրենք եւս շնորհաւորեն եկեղեցւոյ ընծայեալները:
3 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին լեցնող հաւատացեալ հայորդիները ապրեցան հոգեպարար արարողութիւն մը՝ հանդիսապետութեամբ առաջնորդին, որ պատարագեց, սարկաւագաց ձեռնադրութիւն կատարեց եւ քարոզեց՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ նուիրական ծառայութիւնը դարձնելով իր խօսքին միտք բանին: Արարողութեան հիւրաբար ներկայ գտնուեցաւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ Ս. խորանին ծառայեցին հոգեւոր հովիւ Արցախ քհնյ. Պատոյեան եւ դպիրներ. խարտաուիլակութիւնը կատարեց Սմբատ վրդ. Սապունճեան: Արարողութեան ընթացքին, Գեղամ սրբազանը սարկաւագ ձեռնադրեց եկեղեցւոյ ծառայութեան նուիրուած չորս խոստմնալից անդամներ՝ Ռոստոմ Ծնունդեան, Յակոբ Քուճաքեան, Վիգէն Ճինկէօզեան եւ Էվըն Յարութիւն Ուկարթէ:
Յետ ձեռնադրութեան, սրբազանը իր քարոզին մէջ պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի աշակերտները՝ իրենց Տէրը լսելու եկած բազմահազար ժողովուրդի ուտելիքի կարիքները հոգալու համար սպասարկող մարդուժի ապահովման գծով տուին որոշում մը՝ ձեռնադրելով սարկաւագներ, որոնք կոչուեցան ժողովուրդի ծառայութեան, ապա ժամանակի ընթացքին սարկաւագութիւնը հոգեւոր սնունդի մատակարարման գաղափար զգեցաւ եւ սարկաւագաց դասը եկեղեցւոյ Ս. խորանին եւ ժողովուրդի սպասաւորութեան նուիրուեցաւ՝ հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, որ յեղափոխեց մինչ այդ առկայ՝ «ամբողջը ծառայ՝ կայսեր, թագաւորի մը կամ աւագանիի մը» հասկացութիւնը շրջուած նոր իմացութեամբ, որ ինքնին կը բնութագրէ սարկաւագութեան գաղափարը Քրիստոսի ուսմունքին պէս, որմով մէ՛կը կը դառնայ ծառան ամբողջին:


Քիչ մը եւս ընդարձակելով ծառայութեան խորհուրդը՝ առաջնորդը, խօսքը ուղղելով ձեռնադրուածներուն՝ բացատրեց, որ նաեւ բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են ծառայելու Քրիստոսի եկեղեցւոյ, իսկ սարկաւագութիւնը պարտաւորութիւն ըլլալով հանդերձ նաեւ պատիւ է, որովհետեւ Աստուծոյ եւ Հոգեւոր տան ծառայութեան մէջ ըլլալը մարդ արարածին տրուած մեծագոյն պատիւը եւ շնորհն է այս կեանքին մէջ, հետեւաբար, պէտք չէ ունենալ շնորհակալութեան ակնկալութիւն եւ սրբազանը, աւետարանական խօսքի հետեւութեամբ շեշտեց՝ «անպիտան ծառաներ ենք, ինչ որ պարտաւոր էինք ընել՝ կատարեցինք»:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան խնդրանքով, առաջնորդը նաեւ նախագահեց Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հանգուցեալ բոլոր ՀՄԸՄական քոյր եւ եղբայրներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ, սրբազանին տնօրինումով, կատարուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Նոյն օրը, յետմիջօրէին, ի պատիւ առաջնորդին եւ իր նախագահութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-կալա, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ տիկնոջ՝ Յասմիկին, Ազգային վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի եւ տիկնոջ՝ Արփիին, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր, ազգային, կրթական մարմիններու, պատասխանատուներու, բարերարներու եւ բարեկամներու:
Սրբազան հօր ուղղուած բարի գալուստի մաղթանքէն ետք, բարի երթի մաղթանք կատարուեցաւ ընթացաւարտ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի, ապա Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակին ընթերցմամբ,՝առաջնորդը «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշան շնորհեց համայնքի կեանքին մէջ ծառայութեան վաստակ ունեցող երկու ազգայիններու՝ Ազգային երեսփոխան եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Տէրունեան, հանդիսավարուհի Նանօր Էքմէքճեան, հայր սուրբին բարեկամ Դրօ Աւետեան, յանուն Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի՝ 8րդ կարգի աշակերտուհիներէն Սարին Անտոնեան, Ռոստոմ Այնթապլեան, տէր Արցախ, որ նաեւ Սմբատ հայր սուրբին փոխանցեց Հոգաբարձութեան յիշատակի նուէրը, ապա խօսք առաւ հայր սուրբը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին ու նուէրին համար:

Պաշտօնական ճաշկերոյթի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազանը, որ հնգօրեայ իր այցելութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքին որակեց «ծառայութեան համանուագ», նկատի ունենալով, որ հովուական այս այցելութեան ծրագիրը բեղուն է ազգի ու Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի ծառայութեան նուիրուած հոգեւոր, ծխական, կրթական եւ ղեկավար անձերու ու կազմերու հետ հանդիպում-գնահատանքով: Այս առումով ան նաեւ ի սրտէ շնորհաւորեց համայնքը եւ կամաւորաբար ծառայող բոլոր նուիրեալները եւ գնահատեց պարգեւատրեալներն ու պատասխանատուները՝ իրենց տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց հայր սուրբին ծառայութիւնը եւ անոր մաղթեց բարի երթ, ապա սրբազանը հրաւիրեց Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանը, որպէսզի Ազգային առաջնորդարանի անունով յիշատակի նուէր փոխանցէ հայր սուրբին:
Հուսկ, սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթեց ընթացաւարտ հայր սուրբին, բարի գալուստ եւ բարի ծառայութիւն՝ նորանշանակ Արցախ քահանային, ինչպէս նաեւ նոր վերելքներ ու յաջողութիւն շրջանի համայն հայութեան եւ անոր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր ծրագիրներուն:
Նոյեմբեր 4ի առաւօտեան, առաջնորդը Սան Ֆրանսիսքօ իր հովուական այցելութիւնը եզրափակեց այցելելով Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարան, ուր ընդունուեցաւ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի կողմէ, ընկերակցութեամբ Սմբատ վարդապետի, տէր Արցախի եւ տիար Այնթապլեանի: Այս առիթով Գեղամ արքեպիսկոպոսը շրջեցաւ վարժարանէն ներս եւ զրոյցներ ունեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտներուն հետ, ապա ճաշի հիւրը եղաւ վարժարանի մեծ ընտանիքին, որ տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն համախմբած մէկ երդիքի տակ եւ որ առաջնորդին յայտնեց իր երախտագիտութիւնը եւ ականջ տուաւ անոր գօտեպնդիչ խօսքերուն ու խրատական մաղթանքներուն, ապա հաղորդուեցաւ անոր հայրական օրհնութիւններով:
Սրբազանը Լոս Անճելըս վերադարձաւ Նոյեմբեր 5ին: