

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Թորոնթոյի հայ գաղութը երկու օրերու տեւողութեամբ՝ Շաբաթ, 9 եւ եւ Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2024ին, վայելեց 30րդ ամէնամեայ «Տոհմիկ օր»ը, որ այս տարի նուիրուած էր Իրաքի Հայ գաղութին։
«Տոհմիկ օր»ի կազմակերպումը գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է, որուն կը ձեռնարկէ ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը։ Սկսելով Տիգրանակերտէն, անցնելով Կիլիկիոյ եւ Պատմական Հայաստանի քաղաքներէն, հասնելով մինչեւ Իրաք։
«Տոհմիկ օր»երու կազմակերպումը ամիսներու վրայ երկարող աշխատանքի կը կարօտի: Անոնք կը պատրաստուին յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն ատենապետուհին է բանիմաց եւ փորձառու Հուրի Նաճարեան, իր կողքին ունենալով խումբ մը ժրաջան անդամ-անդամուհիներ։ Այս տարի եւս, նուիրեալ եւ ժրաջան խումբը յաջողեցաւ կազմակերպել բացառիկ եւ անմոռանալի «Տոհմիկ օր» մը, նուիրուած` Իրաքահայ գաղութին, մեծ հրճուանք պատճառելով տեղւոյն իրաքահայերուն եւ ամբողջ գաղութին։

Շաբաթ, 9 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ խրախճանք մը. Թորոնթոյէն եւ այլ քաղաքներէ, ի միջի այլոց, նաեւ Լոս Անճելըսէն, առաւել քան 600 հայորդիներ խմբուած էին «Հայ տուն» մեծ սրահին մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից։ Անոնք ճաշակեցին իրաքահայերու յատուկ զանազան աղանդներ եւ ճաշեր, որոնք յատկապէս պատրաստուած էին այդ օրուան համար։ Սրահի մուտքին կը հանգչէր Բաբելոնի առիւծին փայտեայ կրկնօրինակը, իսկ ներսը զարդարուած էր Բաբելոնի «Աշթար» դրան կրկնօրինակով:
Բարի գալուստի խօսքէն եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներէն ետք արտասանուեցաւ բացման խօսքը, որուն հետեւեցան Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի եւ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի արձանագրուած պատգամները։
Տոհմիկ օրերու 30ամեակի ոգեկոչման տեսերիզը թարմացուց բոլորին անցեալի յիշատակները, եւ այս առիթով, իրաքահայերու Տոհմիկ օրուան ձեռնարկի գլխաւոր նուիրատուներ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Պերճուհի Նալպանտեանները, պարգեւատրուեցան յատուկ յուշանուէրով մը։
Երաժշտական տեսերիզին ցուցադրութիւնը, իրերայաջորդ մեղեդիներու շարքը եւ մեներգները յաւելեալ ուրախութեան եւ հրճուանքի մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ. անոնց աւարտին ներկայացուեցան արձագանգներ Իրաքի հայ գաղութէն, ապա մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, ներկաները վայելեցին երաժշտական կատարումներ՝ բարձր տրամադրութիւններով աւարտելով խրախճանքը։
Կիրակի, 10 Նոյեմբերը նուիրուած էր մշակոյթի եւ արուեստի։ Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, հոգեհանգիստի պաշտօն կատարուեցաւ իրաքահայ ննջեցեալներու եւ զոհերու յիշատակին, եւ ներկաներուն մատաղ հրամցուեցաւ։
Ժամանակը հասած էր մշակութային երեկոյին, երբ հիւրերը ճաշակեցին «Տոհմիկ օր»ի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւնը։
Օրուան բանախօսներն էին Միացեալ Նահանգներէն հրաւիրուած երկու դասախօսներ՝ ճրտգ. Համբարձում Աղպաշեան, որուն նիւթն էր՝ «Իրաքահայերուն արդի պատմութիւնը», եւ դոկտ. Շանթ Քէնտէրեան, որուն նիւթն էր՝ «Հայու մը կեանքի ճանապարհորդութիւնը Իրաքի եւ Ամերիկայի միջեւ»։
Ճրտգ. Աղպաշեան հեղինակն է քանի մը գիրքերու, որոնցմէ վերջինը իրաքահայերու պատմութեան մասին է։ Ան Power Point-ի միջոցով համառօտ կերպով անդրադարձաւ իրաքահայութեան 4000 տարիներու պատմութեան, ապա ան շեշտեց գաղութին պաշտօնական հիմնադրութեան մասին՝ 1605 թուականէն ետք. ան ապա յիշեց իրաքահայ գաղութին բազմացումը 1915ի Ցեղասպանութենէն ետք՝ հայկական նոր թաղամասերու հիմնադրութիւնը, հայկական եկեղեցիները, վարժարանները, միութիւնները, մարզական եւ մշակութային կեանքը եւ այլն։ Անոնց հետեւեցան իրաքահայ գործատէրեր եւ արհեստաւորներ, բժիշկներ, դեղագործներ եւ ճարտարագէտներ՝ իրենց երկար ցանկերով, նաեւ յիշուեցան արուեստագէտներ։
Ելոյթը փակուեցաւ «Lord» տոքթ. Արա Թէրզեանը եւ գիտնական Գրիգոր Արամի Գուրզադեանը յիշելով։
Ելոյթը ողջունուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով։
Դոկտ. Քէնտէրեան իր կարգին Power Point-ի միջոցով անդրադարձաւ իր կեանքի ամէնէն դժուար տարիներուն, երբ ան 17 տարեկանին Միացեալ Նահանգներէն կը վերադառնայ Իրաք՝ երկու շաբթուան համար, իր հօր այցելելու նպատակով։ Յանկարծ կը ծագի Իրաք-Իրան պատերազմը. անոր ճամբորդութիւնը կ՛արգիլուի եւ ան 10 տարիներ կը մնայ Իրաք՝ ուսումը շարունակելով այնտեղ։ Իրաք կը ներխուժէ Քուէյթ, իսկ Շանթը կը կոչուի զինուորական ծառայութեան եւ պատերազմին ընթացքին ան ռազմական գերի կը դառնայ ամերիկացիներու մօտ. այդ ժամանակ կը սկսի անոր 1001 գիշերուան պատմութիւնը, մղձաւանջը, տառապանքները եւ չարչարանքները։
Սակայն, ան իր հաւատքով, խառնուածքով եւ զգայնութեամբ կը յաջողի գերութենէն ազատիլ, վերապրիլ եւ կեանքը շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան ներկայիս հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, տիրացած է PHD վկայականին եւ NASA-ի մէջ գիտնական է։
Պատմական տարազներու ցուցադրութեամբ, երգերու եւ երաժշտութեան կատարումներով, ինչպէս նաեւ փունջ մը ազգային երգերով երեկոն հասաւ իր աւարտին եւ փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով։
Պէտք է նշել, որ այս առթիւ հաստափոր՝ 452 էջերէ կազմուած գիրք մը պատրաստուած էր իրաքահայութեան մասին եւ անիկա բոլոր ներկաներուն նուիրուեցաւ անվճար։
Ձեր վարձքը կատա՛ր «Տոհմիկ օր»ի յանձնախումբի յարգելի եւ սիրելի ատենապետուհի, անդամուհիներ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին բոլոր մասնակցողներ: