

ՀՄԸՄի միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ շրջաններու պատասխանատուներու ներկայութենէն օգտուելով, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը ծանօթացման հանդիպում-ընդունելութիւն մը կազմակերպեց հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար։
Հանդիպումը նպատակադրեց 106ամեայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եւ անոր 35ամեայ հայաստանեան կազմակերպութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը մօտէն ծանօթացնել հայրենի բանաւոր, գրաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլին եւ փոխադարձ կապեր հաստատել ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Հանդիպում-ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ «Քոնկրես» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ 15 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ միջդիւանական 11րդ խորհրդաժողովին մասնակցողներու։
Հանդիպումին կազմակերպիչ մարմինին կողմէ ներկաները ողջունեց եւ կարճ տեսանիւթով մը ՀՄԸՄի հանրային կապերու համակարգը ներկայացուց Նժդեհ Մկրտիչեան։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ սովորականէն տարբեր հաւաք մըն է այս մէկը, որովհետեւ այստեղ հաւաքուած՝ ոչ-աշխատանքային հանդիպում մը կ՛իրականացնեն՝ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան նպատակները եւ առաքելութեան գլխաւոր առաջադրանքները ներկայացնելու համար։ Հանդիպումը առիթ մըն է՝ 106ամեայ այս միութեան զանազան շրջաններու աշխատանքները ծանօթացնելու եւ գործակցութեան կապեր հաստատելու։
Ապա, խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ներկայացուց ՀՄԸՄի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման պատմականը՝ շեշտելով, որ ՀՄԸՄը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն ունեցաւ կարճատեւ սակայն երախտաշատ գործունէութիւն մը, ապա՝ 70 տարիներու տարագրութենէն ետք, անիկա հայրենիքի մէջ վերընձիւղուեցաւ 2 Դեկտեմբեր 1989ին, երբ տակաւին Հայաստան անկախ չէր։ Այսօր, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը 35 տարեկան է:


Մկրտչեան յիշեցուց, որ 1996էն ի վեր, իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական կազմակերպութիւն (ՀԱՍԿ)՝ ՀՄԸՄը հայրենի սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ։
Մկրտչեան նշեց, որ իբրեւ սկաուտական շարժում, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը կը նպատակադրէ պատրաստել կիրթ, ազնիւ, բնապահպան, ազգասէր ու հայրենասէր սերունդ մը, որ ըլլայ տէր եւ պահապան մարդկային արժանիքներու եւ ազգային արժէքներու։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի գործունէութիւնը եւ պատմական երթը ծանօթացնող տեսանիւթ մը։
Հանդիպում-ընդունելութեան վերջին խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ հանրային կապերու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան։ Ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի եզակի միութիւն մը ըլլալու հանգամանքին՝ դիտել տալով, որ՝
ա. ՀՄԸՄի գործունէութեան վրայ արեւը մար չի մտներ։ Անիկա կը գործէ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներու 115 քաղաքներու մէջ։
բ. Ունի 106 տարիներու պատմութիւն եւ աւանդ։ Նորանկախ Հայաստանի հնագոյն պատանեկան-երիտասարդական միութիւնն է, որ հիմնուած է նախքան անկախութեան հռչակումը եւ այսօր 35 տարիներէ ի վեր ունի անընդմէջ գործունէութիւն։
գ. Ունի տարբեր միջավայրերու մէջ գործելու փորձառութիւն (Պոլսոյ թաղերէն Գիւմրիի որբանոցները, սփիւռքեան հիւղաւաններէն արեւմտեան հսկայական քաղաքներ, հասնելու համար մայրաքաղաքներ Ստեփանակերտ, Երեւան, Թիֆլիս, Մոսկուա եւ այլուր)։
դ. Ունի կամաւոր սկզբունքով գործելու իւրայատկութիւն մը։
ե. Ունի երեք ճիւղերով՝ սկաուտական, մարզական եւ վարչական աշխատանքներու ճամբով սերունդներ կերտելու առաքելութիւն։
զ. Ունի միջազգային ճանաչում (Համաշխարհային սկաուտական շարժումին մօտ) եւ մեծ վարկ ու հեղինակութիւն (գործող երկիրներու սկաուտական եւ մարզական դաշնակցութիւններուն եւ տեղական շրջանակներուն մօտ)։
Ապա, իր խօսքը ներկայ հիւրերուն ուղղելով՝ Աւագեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄը եւ զանգուածային լրատուամիջոցներ նոյն գործը կը կատարեն տարբեր միջոցներով։ Երկուքն ալ կը զբաղին քաղաքացիական դաստիարակութիւն ջամբելու եւ գիտակցական մտածողութիւն կերտելու աշխատանքով։ Երկունքն ալ սերունդներ եւ միտք կը պատրաստեն, հետեւաբար, ան կենսական նկատեց երկուքին գործակցութիւնը, մէկ կողմէ ՀՄԸՄի աշխատանքները արձագանգելու կարելիութիւնները ընդլայնելու, իսկ միւս կողմէ լրատուամիջոցներու աշխատանքին շահագրգռութեան ծիրը ընդարձակելու եւ ՀՄԸՄի համակիր լայն զանգուածին հասնելու համար։
Խօսքերուն յաջորդեց ընդունելութիւն-հիւրասիրութիւն եւ զրոյց՝ ներկայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ ՀՄԸՄի պատասխանատուներուն միջեւ։
Հիւրերը հանդիպումէն մեկնեցան ՀՄԸՄի հանրային կապերու մարմինին կողմէ տրամադրուած նուէրներով (ՀՄԸՄի թանգարանին ալպոմ-յուշամատեանը, «ՀՄԸՄի գործունէութեան մասին յաճախ հարցուող հարցում-պատասխաններու պռոշիւրներ եւ յատուկ «Եու.Էս.Պի.»ներ, որոնք կ՛ընդգրկեն ՀՄԸՄական գրականութեան, պատմութեան գիրքերու, միութեան «Մարզիկ»պաշտօնաթերթի PDF օրինակներ, տեսանիւթեր եւ ՀՄԸՄը հանրութեան ներկայացնելու համար անհրաժեշտ նիւթեր)։