
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով «Մակեար Նեմզեթ» (Magyar Nemzet) թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերաւ ատրպէյճանական թէզը եւ յայտնեց, որ «խաղաղութեան գործընթացի հիմնական խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային յաւակնութիւններն են»։
«Տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ անշրջելի խաղաղութեան հաստատման համար, Հայաստան պէտք է փոփոխութիւններ կատարէ իր Սահմանադրութեան մէջ` բոլորովին հրաժարելով Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւններէն», ըսաւ Ամիրպեքով՝ աւելցնելով. «Սահմանադրական փոփոխութիւնները կարեւոր են այն իմաստով, որ Հայաստան հրաժարի իր յաւակնութիւններէն, եւ ապագայ կառավարութիւններուն կողմէ եւս յարգուի ստորագրուած համաձայնագիրը»:
Ըստ անոր՝ նոյնիսկ եթէ կողմերը յաջողին համաձայնեցնել խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրը, պէտք է Հայաստանի իրաւական եւ սահմանադրական դաշտը համապատասխանեցուի անոր, որպէսզի պայմանագիրը կարելի ըլլայ կիրարկել ոչ միայն գործող, այլ նաեւ ապագայ կառավարութիւններու օրերուն:
«Այսօր իսկապէս կան խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքելու համար լաւ կարելիութիւններ, սակայն գնդակը հայկական կողմը կը գտնուի, եւ Հայաստան պէտք է ճիշդ որոշում տայ», յայտարարեց Ամիրպեքով:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ երթեւեկութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու ՔՈՓ 29ի ծիրին մէջ «Կայուն, թուային Միջին միջանցք եւ ոչ միայն» թեմայով նախարարական կլոր սեղանին ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա աշխոյժ կերպով կ՛աշխատի «Զանգեզուրով» առանձին երթուղի մը ունենալու ուղղութեամբ` Ատրպէյճանի հետ Միջին միջանցքով բեռնափոխադրութիւններ իրականացնելու համար։
Ըստ անոր՝ Թուրքիա կը գտնուի երթեւեկի հաղորդակցութեան միջանցքներու կեդրոնը եւ առանցքային դեր կը խաղայ միջմայրցամաքային միջանցքներու արդիւնաւէտ օգտագործման մէջ: