ՊԱՔՈՒԻ ՄՕՏ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ «ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ»
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 19 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլլաեւան կանչեցին նախարարութիւն՝ երկրին մէջ ընթացող ՄԱԿի կլիմայի ՔՈՓ 29 համաժողովին ընթացքին, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի հասցէին կատարուած «անընդունելի յայտարարութիւններուն լոյսին տակ»:
Կը նշուի, որ այս պատճառով Ֆրանսայի կենսոլորտի նախարար Անիէս Փանիէ Ռունաշեր ստիպուած եղած է չեղարկել իր մասնակցութիւնը ՄԱԿի կլիմայի համաժողովին: «Ատրպէյճանի թշնամական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին», կ՛ըսուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 14 Նոյեմբերին, Իլհամ Ալիեւ ՔՈՓ 29ի ծիրին մէջ արտասանած խօսքով քննադատեց Ֆրանսան եւ Հոլանտան՝ իրենց «նէոգաղութատիրութեան» մէջ` այդ մէկը կապելով կլիմայի փոփոխութեան հետ: Ան պնդեց, որ Ֆրանսա «շրջակայ միջավայրի քայքայում» կը պատճառէ իր անդրծովեան տարածքներուն մէջ եւ այդ տարածքները կոչուած են «գաղութներ»:
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս իր մօտ հրաւիրեց Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնը եւ բողոք յայտնեց նախքան ՄԱԿի կլիմայի վեհաժողովը եւ անոր ընթացքին Փարիզի մեղադրանքներուն համար։
Ֆրանսայի դեսպանին յայտնեցին, որ Փարիզի գործողութիւնները, «որոնց ճամբով Փարիզ հետեւողական կերպով կը զինէ Հայաստանը, կը խրախուսէ ռազմականութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը, հարուած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին»: