19 Նոյեմբերին, Պաքու Հայաստանի դէմ գործով դիմումի հիմնական փաստաթուղթը ներկայացուց Լա Հէյի դատարանին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործող նախարարութենէն կը նշեն, որ դատարանին մանրամասնութիւններ ներկայացուած են ուժանիւթի պաշարներու նկատմամբ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի գերիշխան իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներու մասին` նշելով, որ ասիկա 27 Փետրուար 2023ի հայցի դիմումին տրամաբանական զարգացումն է:
Պաքու կը նշէ, թէ՝ «Հայաստան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ապօրինի բռնագրաւման 30 տարիներուն թոյլ չէ տուած Ատրպէյճանին մուտք գործել կամ զարգացնել այդ տարածքներուն մէջ իր ուժանիւթի կարողականութիւնը` այդ պաշարները օգտագործելով իր օգտին»:
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ այդ խախտումներուն համար փոխհատուցում պահանջել:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵՑ
Միջազգային իրաւական հարցերու գծով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը հակադարձեց Պաքուին՝ դիտել տալով, որ Ատրպէյճան կը փորձէ խեղաթիւրել ուժանիւթի փաստաթուղթին բովանդակութիւնը եւ նպատակը։ Արդարեւ, անոր նպատակը ուժանիւթի ոլորտին մէջ կայուն ներդրումներու եւ առեւտուրի շրջանակի ամրապնդումն է, իսկ Ատրպէյճան կը փորձէ որոշ չափով զայն կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ:
Նոյն գրասենեակը բացատրեց, որ խօսքը նոր դիմումի մը մասին չէ: «Սա դեռեւս 2023 թուականի Փետրուարի 27ի` Էներգետիկ (ուժանիւթի) խարտիայի (փաստաթուղթի) պայմանագրի հիման վրայ արբիտրաժային (միջնորդական) ծանուցման ներկայացման մասին է: Այս վարոյթի քննութիւնն արդէն իսկ մեկնարկել է 2023 թուականին: Տեղի է ունեցել առաջին ընթացակարգային նիստը, ձեւաւորուել է տրիբունալ (ատեան), որը քննել եւ ընթացակարգային որոշում է կայացրել, թէ ինչպէս պէտք է վարոյթն իրականացուի, եւ նիստից յետոյ սահմանուել է նաեւ ընթացակարգային ժամանակահատուածը, թէ կողմերն ինչ ժամկէտներում պէտք է ներկայացնեն իրենց գրաւոր դիտարկումներն ու դիրքորոշումները», յայտնեց գրասենեակը, որ բացատրեց, թէ ասիկա առաջին փաստաթուղթն է, որ պէտք է ներկայացուէր ընթացակարգային որոշումէն ետք, եւ ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած է իր ամբողջական հայցադիմումը, որովհետեւ իրաւարարական ծանուցումը գործի մեկնարկին համար ներկայացուող փաստաթուղթ է, իսկ հայցադիմումը կը ներկայացուի հետագայ փուլերուն:
«Սա մի գուցէ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմից կայացուած վերջին որոշումների պատճառով է, որոնցում Ադրբեջանը պարտութիւն է կրել, եւ հիմա փորձում է նոր լոյսի ներքոյ ներկայացնել այս գործը, այսինքն` զուտ վերահաստատում են այն արբիտրաժային վարոյթը, որը մեկնարկել է դեռեւս 2023 թուականին», կը յստակացնէ նոյն գրասենեակը:
Պարզաբանելով, թէ ի՛նչ է այս վարոյթին բուն էութիւնը եւ ի՛նչ ընթացակարգեր պիտի յաջորդեն վարոյթի շրջանակներուն մէջ` գրասենեակը նշեց, որ անիկա ներկայացուած է Ուժանիւթի փաստաթուղթի պայմանագիրի հիման վրայ:
«Ադրբեջանական կողմից փորձ է արւում խեղաթիւրել այդ խարտիայի բովանդակութիւնն ու նպատակը, քանի որ խարտիայի նպատակն էներգետիկ ոլորտում կայուն ներդրումների եւ առեւտրի շրջանակի ամրապնդումն է: Այնուամենայնիւ, ադրբեջանական կողմը սա փորձում է ինչ-որ չափով կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ։ Հայկական կողմն իր դիրքորոշումն ու դիտարկումները կը ներկայացնի արբիտրաժային վարոյթի շրջանակներում»:
Գրասենեակէն աւելցուցին, որ, այդուհանդերձ, դատական մարմինը տակաւին պէտք է յստակացնէ, որ գործը քննելու իրաւազօրութիւն ունի, ինչպէս, օրինակ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը նման քննութիւն իրականացուցած է:
«Կողմերը ներկայացրել էին նախնական առարկութիւններ եւ դատարանը պէտք է ճանաչէր, որ նա ունի իրաւազօրութիւն` քննելու այդ վարոյթը: Նմանատիպ կերպով այս դէպքում նաեւ արբիտրաժային տրիբունալը պէտք է ճանաչի իրաւազօրութիւնը: Եթէ արբիտրաժը ճանաչի, որ տրիբունալն այս գործը քննելու իրաւազօրութիւն չունի, այդ դէպքում գործը յետագայ զարգացում չի ունենայ», եզրափակեց գրասենեակը: