ԽՄԲ.- Օրին հաղորդած էինք, թէ կարճատեւ այցելութեամբ Լոս Անճելըս կը գտնուի Պէյրութի մեր պաշտօնակից «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր-տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Այս առիթով, իր հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք «Ազդակ» օրաթերթի 8 տասնամեակներու կենսագրականը, ի՞նչ հիմնական հանգրուաններէ անցած է թերթը:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շատ ամփոփ բնորոշում կատարելու համար ըսեմ, որ 80 տարի անընդհատ, անընդմէջ եւ անխափան թերթի մը հրատարակութիւնը ինքնին երեւոյթ է. բազմաթիւ խորհուրդներ պարփակող երեւոյթ։ Տակաւին մտածել նաեւ յաճախակիօրէն ստեղծուած այն դժուար պայմաններուն մասին, որոնց մէջ շնչեց եւ գործեց «Ազդակ»ը։ Կը խորհիմ, որ այս առումով իրողութիւնը բաւական պարտաւորեցնող է։
Անցնինք թերթի կենսագրականի հիմնական հանգրուաններուն։ «Ազդակ»ի առաջին թիւը լոյս տեած է 5 Մարտ 1927ին։ Հիմնադիր-խմբագիր Հայկ Պալեան կը ձեռնարկէ թերթի հրատարակութեան, նեցուկն ու օժանդակութիւնը ունենալով իրերայաջորդ Կեդրոնական Կոմիտէներուն։ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր չորս էջով, նախ եռօրեայ, ապա երկօրեայ յաճախականութեամբ։ Օրաթերթային տարազով «Ազդակ» կը սկսի լոյս տեսնել 1 Մարտ 1932ին։ 1944-1952, իւրաքանչիւր Ուրբաթ լոյս կը տեսնէ «Ազդակ շաբաթօրեակ»ը։
1965ին «Ազդակ» կը դառնայ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին պաշտօնաթերթը, Հայկ Պալեանի պատասխանատուութեամբ։ 2 Դեկտեմբեր 1970ին, «Ազդակ»ի էջաթիւերը կը բարձրանան 8ի։
Քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, «Ազդակ» կը ստիպուի իր կեդրոնատեղին փոխադրել արեւմտեանէն արեւելեան Պէյրութ։ Դժուար հանգրուաններ յաղթահարելէ ետք, 1982ին կ’որոշուի «Ազդակ»ը վերջնականապէս տեղափոխել Պուրճ Համուտ։ 1987-88ին, «Ազդակ» վերջնականապէս կը հաստատուի Շաղզոյեան եղբայրներուն կողմէ թերթին նուիրուած շէնքին մէջ, Պուրճ համուտ։ 1994ին էջաթիւերը կը բարձրանան 10ի։
2002ին կը սկսի գործել «Ազդակ»ի կայքէջը եւ յաջորդաբար հրատարակութեան կը յանձնուին յաւելուածներ՝ «Պզտիկ-մզտիկ»ը, «Անահիտ»ը, «Նաւասարդ»ը, «Ազդակ ամսաթերթ»ն ու «Երկիր» շաբաթաթերթի մեսրոպեան ուղղագրութեամբ լոյս տեսնող տարբերակը։
Այս կէտերը արագ նշումներ են թերթի հրատարակութեան անցած ուղիին եւ թեւակոխած հանգրուաններուն մասին, առանց վերլուծական բաժինի։ Այսօր «Ազդակ» կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ՝ մանաւանդ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու կարեւոր մարտահրաւէրը։
«Ա.».- Երկրի ապահովական երբեմն ծանր պայմաններուն տակ, «Ազդակ» ինչպէ՞ս գործեց:
Պ.- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին ինքնին թերթին անխափան հրատարակութիւն ապահովելը եւ ի գին ամէն վտանգի թերթը երկրին բոլոր շրջանները հասցնելը ամէնէն մեծ առաքելութիւն էր։ Պէտք է հաստատել, որ խմբագրակազմի, վարչական աշխատակիցներու թէ տպագրական բաժանմունքի եւ ցրուիչներու ամբողջական նուիրուածութիւնը յաջողեցաւ իրագործել պատմական ժամանակաշրջանի մը մէջ անգնահատելի եւ երբեմն գերմարդկային ուժեր պահանջող այս աշխատանքը։
Այդ պայմաններուն մէջ թերթը պատուով կատարած է նաեւ գաղութին յոյս, կորով ներշնչելու աշխատանքը եւ փորձութիւններն ու վտանգները դիմակայելու վճռակամութիւնը։ Այդ օրերուն, կուսակցութեան իբրեւ հիմնական եւ միակ խօսափողը, «Ազդակ»ը դարձած է ամէնօրեայ կապը կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ։
«Ա.».- Ի՞նչ է թերթի տպագիր օրինակի աշխարհագրութիւնը եւ կայքէջը ի՞նչ նոր պարտադրանքներ-կարելիութիւններ ստեղծեց:
Պ.- Տպագիր «Ազդակ»ի շրջանառութեան աշխարհագրութիւնը Լիբանանի կողքին հիմնականին մէջ կը վերաբերի նաեւ Սուրիոյ։ Պէտք է ըսել, որ կայքէջի դրութեան հաստատումը նուազեցուց մեր արտասահմանեան բաժանորդներու թիւը եւ ոչ-նկատառելի չափով ազդեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ բաժանորդներու ցանցին վրայ։ Կայքէջի դրութեան հաստատումը սակայն, անբաղդատելիօրէն մեծ առաւելներ ձեռք ձգեց։ «Ազդակ» վերջին տարիներուն ապահովեց աննախադէպ հասանելիութիւն։ Առարկայական գնահատում տալու համար այս երեւոյթին, պէտք է ըսել, որ վարչարարական աշխատանքներուն արդիւնաւէտ գործելուն մէջ հսկայական դեր ունէր լիբանանահայ սփիւռքի գոյութիւնը, որ կայքէջին ճամբով պահեց իր կապը Լիբանանին եւ իր երբեմնի գաղութին հետ։
Լիբանանի տագնապալի հանգրուաններուն կայքէջի այցելուներուն թիւը ունեցաւ կտրուկ աճ։ Բնական էր, որ արտասահմանեան մեր ընթերցողները, մտահոգ՝ շրջանով, գաղութով եւ հարազատներով, մնայուն հետեւողականութեամբ մը պիտի կապուէին կայքէջին, կարդալու համար լրատուութիւնը՝ վերջին զարգացումներուն։ Այս պայմաններուն մէջ էր, որ մենք զգացինք անհրաժեշտութիւնը արագ լրահոսի դրութեան հաստատման: Այս մէկը, իր կարգին, բազմացուց այս անգամ ոչ անպայման այցելուներուն թիւը, այլ՝ ընթերցողներուն կայքէջին միանալու յաճախականութիւնը։
Գիտէք նաեւ, որ կայքէջը օժտուած է յատկապէս գաղութին մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներու մասին տեսաերիզներու բաժինով։ Կը ծրագրենք նաեւ կեդրոնական ձեռնարկներ կայքէջի վրայ ուղղակի հեռարձակել։ Ուրեմն, կայքէջի կատարած դերը բազակողմանիօրէն շահաւէտ է թերթին համար։ Ամփոփ բնորոշումով՝ տեղեկատուական առումով, գաղութ-Հայաստան-Սփիւռք կամրջող օղակի հանգամանք մը ինքնաապահոված է մեր կայքէջը։
«Ա.».- Ի՞նչ նախաձեռնութիւններ ծրագրած էք թերթին 80ամեակին կապակցութեամբ:
Պ.- Զանազան պատճառներով արտակարգ տարողութիւն ստացաւ թերթին հիմնադրութեան 80ամեակի նշումը։ Երեւանի եւ Պէյրութի մէջ մամլոյ ասուլիսներ, գեղարուեստական ձեռնարկներ, լսարաններու կազմակերպումներ, շնորհաւորական ընդունելութիւններ, շնորհաւորագիրներ եւ յատուկ հրատարակութիւններ ամբողջ տարուան մը վրայ մնայուն ձեւով արծարծեցին 80ամեակի թեման։ Նախ, անշուշտ, առիթ էր արժանաւորապէս գնահատելու «Ազդակ»ի կտրած 80ամեայ ուղին, ապա պայմաններուն բերումով ստեղծուած բարոյահոգեբանական վիճակի վերականգնման աշխատանքին նպաստելու կարելիութիւն կար։
Այս շրջածիրին մէջ, Հայաստանի պետական շրջանականերէն, հայրենիքի թէ Սփիւռքի հասարակական, մտաւորական, հոգեւոր թէ լրագրական գործիչներէն մեզի հասած արձագանգները ընդգծեցին մեր թերթին կողմէ շահուած նկատառելի ներգրաւուածութիւն մը։
Կեդրոնական յոբելենական հանդիսութիւնը չիրականացաւ պարզ այն պատճառով, որ Մայիս 2007ին կտրուկ կերպով սրեցաւ երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչ որ պատճառ դարձաւ յատարարուած ձեռնարկի թուականի յետաձգումին։ Պայմաններուն բարելաւման առընթեր, կը նախատեսուի կազմակերպել այդ ձեռնարկը։
«Ա.».- Գաղութին զօրակցութիւնը ի՞նչ տարողութիւն ունի, յատկապէս աչքի առջեւ ունենալով այս ընդարձակ աշխատանքին պարտադրած նիւթական ծանրութիւնը:
Պ.- «Ազդակ»ի բազմաճիւղ աշխատանքները բնականաբար կ’ենթադրեն յաւելեալ պիւտճէ։ Ուրախ եմ յայտնելու, որ բաւական ժողովրդականացած է «Ազդակի ֆոնտ»ը եւ ընթերցողներ զանազան առիթներու սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն զանազան ծրագիրներուն։ Մանկապատանենական ծրագիրներուն համար, Մելքոն Յակոբեանի կողմէ հաստատուած յատուկ «ՍՕՍԻ յիշատակի ֆոնտ»ը օգտաշատ քայլ եղաւ այս ոլորտի զարգացման համար։ Հետեւեցաւ Էպլիղաթեան ընտանիքին կողմէ «Ազդակ»ին եւ հայ մամուլի զանազան ծրագիրներու իրականացումը առաջադրող «Մելքոն Էպլիղաթեան մամուլի ֆոնտ»ը։ Կ’ուզեմ առանձին նշել նաեւ անունը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, որ արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով իր զօրակցութիւնը չի զլանար «Ազդակ»ին, յատկապէս ստանձնելով «Ազդակ»ի բացառիկներու հովանաւորութիւնը։ Սուրիահայ ազգային բարերար Գաբրիէլ Չեմպէրճեան ոչ միայն նկատառելի գումարով նուիրատուութիւն կատարեց «Ազդակ»ին, այլ «Ազդակ»ի գրասենեակները՝ խմբագրական, թեքնիք, վարչական, օժտեց համակարգիչներով։ Իր կողմէ հաստատուած յատուկ ֆոնտ մը պիտի փրկէ ընդհանապէս լիբանանահայ մամուլը կորուստէ՝ թուայնացնելով եւ համակարգչային համապատասխան ծրագիրներով օժտելով լիբանանահայ մամուլի տարբեր հրատարակութիւնները։ Առիթը կ’ուզեմ օգտագործել նաեւ շնորհակալութին յայտնելու իտալաբնակ տէր եւ տիկ. Ալեքօ եւ Անի Պեզիկեանններուն, Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Ազդակ»ի վերակառուցուած խմբագրատան նուիրատու ամոլին՝ տէր եւ տիկ. Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն, եւ բոլոր անոնց, որոնց նուիրատուութիւններով, աջակցութիւններով «Ազդակ» կ’ապահովէ իր յառաջընթացը։
Այս ծիրին մէջ մեզի համար շատ կարեւորութիւն ունի Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին ցուցաբերած նիւթական-բարոյական օժանդակութիւնը, որ տարեկան հերթականութեամբ կ’իրականանայ։ Երեւոյթը գօտեպնդիչ է ամբողջ «Ազդակ»ի ընտանիքին համար։
Ամփոփելէ ետք 2007ի մեր աշխատանքները, նոր ծրագիրներով եւ վերանորով կամքով կը նայինք յառաջիկայ տարուան։ Այդ մասին կը խօսինք 2008ի աւարտին։