

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՃԱՐՏԱՐ ԵՐԿԻՐԸ
Շաբաթ մը առաջ, կը յիշէ՞ք, հինգ օր շարունակ ընկոյզ կերած էի, անսալով հայ դեղագէտ եւ բժիշկ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի խրատին, որպէսզի ես ալ դառնամ «ճարտար»: Այդ օր ձեզի պատմած էի նաեւ «ճարտար» բառին պատմութիւնը: Այդ անճարտար գրութեանս մէջ, ճարտարաբան, ճարտարախօս եւ ճարտարամիտ բազմաթիւ այրեր յայտնուած էին իրենց խօսքով եւ խրատով: Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, հասկնալով, թէ ճարտար ըլլալու շնորհը միայն հիներուն շնորհուած չէ, կ՛առաջարկեմ, որ ականջ տանք Պարոնեաններու, Սեւակներու եւ Պէշիկթաշլեաններու ճարտար լեզուին, առաւելաբար՝ ծանօթանանք նաեւ Արցախեան քաղաք Ճարտարին եւ անունը Ճարտար քանի մը պատմական դէմքերուն:
ՃԱՐՏԱՐ ԱԶԳԸ

1900ականներու սկիզբը, երբ հայրենի գրականութեան մէջ թեւեր առած էր ազգային ազատագրութեան գաղափարը՝ երբ հայու ինքնութիւնը եւ պատիւը վերականգնելու նպատակով ամէն հայ՝ վարդապետ թէ ֆետայի, անխնայ ջանք կը թափէին, «ճարտար» բառն ալ ստացաւ նոր պաշտօն: Ան այլեւս քաղաքականացած էր: Կը ծառայէր ազգային նպատակներու: Այդ օրերուն, Վենետիկի մէջ, Հ. Ղեւոնդ Ալիշան գրի առաւ «Յուշիկք հայրենեաց հայոց» պատմա-գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը: Վարդապետին նպատակն էր հայու հերոսական անցեալին օրինակով՝ նոր սերունդին սորվեցնել հայրենասիրութիւնը, նահատակ վկաներու օրինակով ալ անոնց բացատրել, թէ կեանքը պէտք է չխնայել հայրենիքի փրկութեան համար: Հայրիկ ըսաւ. «Ազգի մը նոր գլխապետ ըլլալ կամ ազգ մը կանգնել ինքնիշխանութիւն՝ մեծ յաջողութիւն կամ մեծ ճարտարութիւն կու պահանջէ», ապա պատուեց երեւելի քանի մը հայեր. Սուրբ Սահակը կոչեց «Ճարտար քաղաքագէտ», տպագրիչ Աբգար Դպիրը՝ «ճարտարագիւտ», տաղասաց Ֆրիկը՝ «ճարտար տաղաչափ», իսկ Սիւնեաց վանականները եւ Մխիթար Սեբաստացին՝ «Ճարտարագէտ»: Հայրենիքի ազատութեան համար կեանք չխնայելու եզակի մէկ օրինակ էր նաեւ առաջին հայ ֆետայիներէն՝ զէնքի ճարտարամիտ մատակարար, 1900 թուականին 44 տարեկանին Դատուանի Ջրհօր գիւղի մօտ անհաւասար մարտի ժամանակ զոհուած Ճարտարը (Մուրատ Վարդանեան):
ՃԱՐՏԱՐ ԼԵՌՆԵՐ
Եթէ հայը ճարտար է, պատճառը այն է, որ սարն ու ձորն ալ է ճարտար: Կարծես, թէ ճարտարապետ ձեռք մը անտեսանելի արուեստով քերթած է զայն: Իրօ՛ք, թերթեցէք հայոց բնաշխարհիկ բառարանները եւ դուք կը տեսնէք, որ Գեղարքունիքի Ծակքար գետի ձախ ափին վրայ կայ լեռնագագաթ մը, որ կը կոչուի Ճարտար: Արցախի մէջ, յարգելի ընթերցող, Մարտունի շրջանին մէջ, իր «Ճարտար» բերդով եւ Եղիշէ վանքով յայտնի էր 4000 հայորդիներու տուն, այգեգործերու եւ շերամապահներու հին բնակավայր՝ «Ճարտար» քաղաքը: (Ըստ այլ ստուգաբանութեան մը՝ անունը հայկական «ճարտար» բառը չէ, այլ՝ պարսկերէն «ճհար դար» (չորս թաս): Իսկ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան Պոլսոյ ծովեզերեայ Օրթագիւղ պատկառելի թաղամասի Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտուհիներու պարգեւաբաշխութեան առիթով գրի առած բանաստեղծութեան մէջ ըսաւ, թէ Մայր Հայաստանը «տրտում, տխուր, ողբական» է եւ կը թափէ արցունք: Պէշիկթաշլեանը հայկազուն օրիորդները յորդորեց՝ «…Ո՜ կոյսք, փունջ մի քաղեցէ՛ք, / Եկէ՛ք իրեն մօտեցէ՛ք: / Ճարտար մատամք ձեր յորդոր / Գեղեցկահիւս բանուածով, / Դուք հայ փառաց սգաւոր / Յօրինեցէք թագ շուտով, / Ու զայն իւր գլուխը դրէ՛ք»:
ԱՆՀԱՄ ՃԱՐՏԱՐԸ
Հայը դրամի հետ հակասական յարաբերութիւն մը ունի: Չի գիտեր, թէ անիկա բարի՞ է, թէ՝ չար: Գարեգին Սրուանձտեանց եպիսկոպոսը նայեցաւ Վան քաղաքի հայերուն: Անոնք կը տառապէին դրամի բացակայութենէն, հարուստ չէին, բայց ճարտարութիւն մը ունէին անկասկած. «Վաճառականութիւնը ստորին վիճակի մէջ է, արհեստներն ընդհանրապէս Հայոց ձեռքն են, որք թէպէտ հետամուտ, ճարտար, բայց՝ ոչ հարուստ»: Իսկ նոյն օրերուն Օրթագիւղի մէջ, Յակոբ Պարոնեան պահ մը դադրեցաւ երգիծագիր ըլլալէ եւ գրեց իմաստասիրական քառեակ մը՝ բացատրելով դրամի չարամիտ ճարտարութիւնը. «Զարմանալի են օրէնք աշխարհի. / Կարծես թէ ճարտար խօսի եւ խորհի / Նա՝ որ իրօք է ապուշ եւ անհամ / Եթէ ունի դրամ»:
ՄԱՏՆԵՐԴ ՃԱՐՏԱՐ
Յովհաննէս Շիրազ, երբ դեռ պատանի մըն էր, կը համբուրէր խաչքարերը երբ իր մօրը հետ վանքի սարը կ՛ելլէր: Փոքր Յովհաննէսը, երբ դարձաւ ճարտար բանաստեղծ, ուխտագնացութեան այդ մանկական պատկերն ալ վերածուեցաւ զգայուն քերթուածի, եւ Շիրազ շնորհակալ եղաւ այդ քարերը տաշած ճարտար վարպետներուն. «Ես համբուրում եմ, ո՜վ նախահայրեր, / Քարից լոյս կերտող ձեր ձեռքը ճարտար»: Իսկ Պարոյր Սեւակը, 1969ին, երբ Կոմիտասի ծննդեան 100ամեակն էր, գրեց «Անլռելի Զանգակատուն» բանաստեղծութիւնը, «Ղօղանջ Մթագնումի» եւ «Ղօղանջ Ցնորման» հատուածներուն մէջ նկարագրեց աքսորէն վերադարձած վարդապետի դաժան ներաշխարհը եւ բացատրեց, թէ ան ինչո՛ւ այլեւս չի նուագեր. «Ինչ է դաշնամուր եւ ինչ է ստեղ՝ / Մոռացա՜ն նրա ճարտար մատերը»:
ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ ՃԱՐՏԱՐԸ
Ճարտարապետ են մեր տպագրիչները: Ի՛նչ ճարտարախօս գիրքեր լոյս չտեսան անոնց մամուլէն: Ստուգեցի հայ գիրքի պատմութիւնը, յարգելի ընթերցող, եւ տեսայ, որ մենք ունեցեր ենք բաւական մեծ թիւով «ճարտար» գիրքեր, այսինքն՝ անունը, տպարանը, գրատունը «ճարտար» կոչուած հրատարակութիւններ: Չորս-հինգ հատը խիստ հետաքրքրական էին, ուստի որոշեցի յիշել զանոնք: Առաջինը՝ «Արուեստ Ճարտարախօսութեան»՝ 1844ին լոյս տեսած դաստիարակիչ գիրք մը, որուն համար շնորհակալ պէտք է ըլլանք Վիեննայի Մխիթարեան հայրերուն, ինչպէս նաեւ՝ զայն գրաշարած ճարտար մատներուն: Իսկ Վենետիկի մէջ, Մխիթարեանները 1863ին հրատարակեցին մէկ այլ ուսուցողական գիրք՝ «Ճաշակ Հելլէն եւ Լատին Ճարտարախօսութեան»: 1920ին, Եգէականի ափին, Զմիւռնիա գեղատեսիլ քաղաքին մէջ լոյս տեսաւ կատակերգութիւն մը, որուն անունն էր «Գողը», հրատարակիչ գրատունն էր կոչուած «Ճարտարապետեան»:
ԵՐԳՍ ՃԱՐՏԱՐ
Հայկական երգարուեստին մէջ հազուագիւտ է «ճարտար» բառը? դժուար է հանդիպիլ այդ բառին, եւ այս երեւոյթը տարօրինակ է, երբ հայերս ունեցեր ենք անհամար ճարտար երաժիշտներ: Յամենայնդէպս, յարգելի ընթերցող, մխիթարուի՛նք, քանզի 1842ին, Պոլիս ծնած, Փարիզի երաժշտանոցին մէջ ուսում առած (երաժշտանոցի առաջին հայ շրջանաւարտը), ապա իր ծննդավայրը վերադառնալով տղեւոյն հայկական դպրոցներուն մէջ իբրեւ երաժշտութեան ուսուցիչ աշխատած Աւետիս Խորասանճեանը դարասկիզբին գրեց պատանեկան երգ մը՝ «Ճարտար Տղան»: Իսկ այժմ, հրաժեշտի ժամն է: Ես կ՛առաջարկեմ, որ Ալեքսանդր Սպենդիարեանը ներկայանայ իր «Ալմաստ» օբերայի սիրուած մէկ երգով՝ «Աշուղի Երգը»: Իսկ դուք, յարգելի ընթերցող, մինչեւ յաջորդ հանդիպում՝ մնացէք ճարտար, ճարտարամիտ եւ ճարտարագէտ, եւ եթէ կը փափաքիք Ամիրտովլաթ Ամասիացիի խրատին անսալ՝ ապա հինգ օր ընկոյզի մաշկ կերէք, որպէսզի դառնաք ճարտար.
«Ի՜նչ ալմաս ու լալ,
Երկնի մի շող է
Շող պատկերը քո…
Նաղաշի ճարտար գրչին վայել է
Դէմքդ ծով հպարտ»: