Միջազգային քրէական դատարանը հրամայեց ձերբակալել Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Եոաւ Կալանթը, ինչպէս նաեւ «Համաս»ի ղրկավարներէն Մուհամմատ Տէյֆը` պատերազմական ոճիրներ գործելու մեղադրանքով:
Միջազգային քրէական դատարանը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին տրամաբանական պատճառներ կարծելու համար, թէ Նեթանիահու եւ Կալանթ պատերազմական ոճիրներ գործեցին եւ քաղաքային բնակչութեան վրայ յարձակումներուն վերահսկեցին:
«Նեթանիահու եւ Կալանթ սովը Կազայի մէջ իբրեւ պատերազմի միջոց օգտագործեցին», նշեց Միջազգային քրէական դատարանը:
Դատարանը նաեւ ընդգծեց, որ Իսրայէլի` դատարանի իրաւասութիւնը ճանչնալը անհրաժեշտ չէ:
Դատարանը մերժեց Նեթանիահուի եւ Կալանթի ձերբակալման գիրերուն դէմ Իսրայէլի բողոքարկումները: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը նշեց, որ Նեթանիահու եւ Կալանթ այսուհետեւ դատարանին անդամ 120 երկիրներ պիտի չկարենան այցելել:
Նեթանիահուի գրասենեակը յայտարարեց. «Դատարանի որոշումը հակասեմական է»:
Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, որ անհիմն են այն պնդումները, թէ այս վճիռները քաղաքական նպատակներ ունին։ Ան շեշտեց, որ Կազայի մէջ պատերազմը մանուկներու դէմ պատերազմ է, որուն ընթացքին օրական 50 մանուկ կը սպաննուի:
Պորել նշեց, որ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չափ ու սահման ունի, եւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը չ՛արդարացներ Կազայի մէջ քանդումի տարողութիւնը:
«Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւն կարելի է հաստատել միայն «երկու պետութիւններ» լուծումի գործադրութեան միջազգային դաշինքի ճամբով», ընդգծեց Պորել: