Իսրայէլեան օդուժը Հինգշաբթի օր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ շղթայազերծեց բուռն յարձակումներ, իսկ «Հըզպալլա»ն հակադարձեց հիւսիսային Իսրայէլի վրայ անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ արձակելով, մինչ հարաւային Լիբանանի Խիամի շրջանին մէջ «Հըզպալլա»ի եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:
Յարձակումները շարունակուեցան Ուրբաթ օր։
Իսրայէլեան օդուժը յարձակումներ գործեց նաեւ հարաւային Լիբանանի Սուր գաւառի Մանսուրի գիւղի մերձակայքին եւ Սուր քաղաքին վրայ, ինչպէս նաեւ Սայտա գաւառի Ատլուն գիւղի մերձակայքին վրայ: Իսրայէլեան հրետանին, իր կարգին, ռմբակոծեց Սուր գաւառի Քլէյլէ եւ Հանիէ գիւղերու մերձակայքը:
Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի արձակած հրթիռներէն մէկը ինկաւ Նահարիա քաղաքին մէջ, ուր արձանագրուեցաւ զոհ մը: Լիբանանեան սահմանին կից եղող Մթըլլէի գիւղապետը յայտնեց, որ գիւղին տուներուն աւելի քան 60 տոկոսը վնասուած է, իսկ ենթակառոյցները հսկայական վնասներ կրած են: «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ գտնուող 82 բնակեցման վայրերու հասած վնասներուն արժէքը 5 միլիառ շեքել է:
«Հըզպալլա»ն Խիամ գիւղի արեւելքին մէջ հրթիռակոծեց իսրայէլեան ուժերը: Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ բախումներու ընթացքին «Կոլանի» զօրամասէն զինուոր մը սպաննուած է «Հըզպալլա»ի հետ բախումի մը ընթացքին:
Նաեւ, իսրայէլեան Ղաուֆար բնակեցման վայրի բնակիչ մը եւս սպաննուած է, իսրայէլեան բանակի «Կոլանի» զօրամասին հետ Լիբանանի մէջ ապօրինի աշխատանքներ կատարելու ընթացքին` «Հըզպալլա»ի լարած թակարդը իյնալով: Իսրայէլեան աղբիւրներ նշեցին, որ Չորեքշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած են չորս իսրայէլացի զինուորներ, որոնցմէ մէկը` մասնայատուկ «Մաժլան» միաւորէն, ինչպէս նաեւ 10 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Հինգշաբթի օր Պէյրութէն մեկնեցաւ Թել Աւիւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւիի եւ ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոտ Տերմերի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու համաձայնութիւնը:
Իսրայէլացի եւ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Աքսիոս»ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան ուղղութեամբ մեծ յառաջընթաց արձանագրեց: Տակաւին կարգ մը բացեր կան»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ նշեցին. «Յառաջիկայ շաբթուընէ առաջ որեւէ համաձայնութեան յայտարարութիւն չի նախատեսուիր»: