Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիա ժամանած համալսարանի դասախօս դոկտ. Սեդա Տատոյեանի, որ առաջնորդին օրհնութեամբ Ս. Ներսէս Շնորհալիի ծննդեան 850ամեակի առիթով, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուց հանրային դասախօսութիւն մը:
Մտերմիկ հանդիպումին ընթացքին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը այցելու դասախօսին հետ միատեղ նախ ամբողջացուց ակադեմական դասախօսութեան յայտագիրը, ապա ընդունեց յարգարժան հիւրին իրեն ուղղուած շնորհաւորանքները՝ շրջանի առաջնորդ իր ընտրութեան առիթով:
Հայրենիքի, ազգի եւ Հայ եկեղեցւոյ դիմաց ծառացած ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն մասին փոխադարձ խորհրդածութիւններ ունենալէ ետք, Գեղամ արքեպիսկոպոսը իր զրուցակիցին փոխանցեց հայրական օրհնութիւններ եւ անոր մաղթեց քաջառողջութիւն եւ մտաւորական բեղուն գործունէութիւն: