Ուքրանիա կորսնցուց Ռուսիոյ Քուրսք մարզին մէջ Օգոստոսին անակնկալ ներխուժման ընթացքին գրաւած տարածքին առաւել քան 40 տոկոսը, «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց ուքրանացի բարձրաստիճան զինուորական աղբիւր մը:
«Մենք առաւելագոյնը կը վերահսկէինք՝ շուրջ 1376 քառակուսի քիլոմեթր, իսկ այժմ այս տարածքը աւելի փոքր է. հակառակորդը կը մեծցնէ իր հակայարձակումները», ըսաւ Ուքրանիոյ սպայակոյտի ներկայացուցիչը:
Քուրսքի յարձակումը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր օտար ուժերու կողմէ ռուսական տարածքի մը առաջին գրաւումն էր: Այդ գործողութեամբ Քիեւը յոյս ունէր կասեցնել ռուսական յարձակումները Ուքրանիոյ արեւելեան եւ հիւսիս-արեւելեան հատուածներուն մէջ, ստիպել Մոսկուային՝ ետ քաշել իր ուժերը, որոնք աստիճանաբար յառաջ կը շարժէին դէպի արեւմուտք եւ Քիեւին լրացուցիչ լծակներ տալ ապագայ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Սակայն, ռուսական ուժերը կը շարունակեն կայուն յառաջխաղացքը մասնաւորաբար Տոնեցքի մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ Ռուսիա կը ձգտի մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման մեկնարկը Քուրսքէն դուրս մղել ուքրանական զօրքերը: