Թուրքիա արգելեց Երեւանէն Պոլիս մեկնած գանատացի լրագրող Նիլ Հաուըրի մուտքը` յայտարարելով, որ ան «սեւ ցանկ»ին վրայ է, առ այդ, ան վերադարձուեցաւ Հայաստան:
Հաուըր «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած գրութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ ինք կ՛ենթադրէ, որ արգելքը կապ ունի իր կողմէ Ատրպէյճանի հասցէին ուղղուած քննադատութիւններուն եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, որոնց կարգին՝ ցեղային զտումներու մասին հրապարակումներուն:
«Երէկ ինծի արգելեցին մուտք գործել Թուրքիոյ Հանրապետութիւն: Զբօսաշրջութեան նպատակով Երեւանէն մեկնած էի Պոլսոյ «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանը: Անձնագրային ստուգման ընթացքին ինծի մէկ կողմ տարին եւ տեղեկացուցին, որ «սեւ ցանկ»ին վրայ եմ, եւ զիս 16 ժամ պահեցին եւ արտաքսեցին», գրած է Հաուըր, որ կ՛աւելցնէ, թէ ինք պիտի բողոքարկէ արգելքը, որովհետեւ ինք «ոչ մէկ յանցանք գործած է»։