Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 25 Նոյեմբերին հեռաձայնեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ այս տեղեկութիւնը հաղորդեց Ատրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Ալիեւ շնորհաւորեց Թրամփը՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընթացքին արձանագրած յաղթանակին առիթով եւ նշեց, որ ընտրութեան ընթացքին արձանագրուած վստահ յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին մեծ աջակցութեան եւ վստահութեան ակնյայտ արտայայտութիւնն է այն քաղաքական գիծին նկատմամբ, որ անոնք կը հետապնդեն:
Ալիեւ ընդգծեց, որ Թրամփ կարեւոր դեր պիտի խաղայ համաշխարհային ապահովութիւն երաշխաւորելու գործին մէջ եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ միացեալ ջանքեր պիտի գործադրուին՝ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւնները խթանելու համար: