Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, աշխարհի ախոյեան (2018) եւ այժմ Լոս Անճելըսի «Էֆ.Սի.» ակումբի յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու իր մարզաշապիկը անգամ մը եւս տրամադրեց Հայկական բարեսիրական միութեան աճուրդին:
Ֆրանսահայ «Հայաստան Մետիա»ն կը նշէ, թէ Ժիրու իր մարզաշապիկը, որուն հետ խաղցած է Միացեալ Նահանգներու բաժակի աւարտական մրցումին, նուիրեց Հայկական բարեսիրական միութեան:
«Յոյս ունիմ, որ լրջօրէն մտահոգ ըլլալով կը մասնակցիք այս աճուրդին` ի նպաստ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն` Արեւելքի եւ մանաւանդ Հայաստանի մէջ», ըսաւ Ժիրու:
Անցեալ տարի եւս, Ժիրու այսպիսի քայլ մը առած էր Ֆրանսայի ազգային խումբին իր շապիկը աճուրդի տալով ի նպաստ Արցախի եւ Հայաստանի: Շապիկը ծախուած էր 35,000 եուրոյի: