

Արուեստի պատմաբան Սոֆի Խաչմանեան պիտի ներկայացնէ իր նոր հեղինակած՝ «Կաթողիկոսի Հանդերձանքի Պատկերագրութիւնը Հայ Միջնադարեան Մանրանկարչութեան Մէջ» հատորը` Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Center for Armenian Arts հաստատութեան մէջ՝ 250 N. Orange St., Glendale, CA:
Հեղինակը պիտի ներկայացնէ Մակի Մանկասարեան Կոշին։ Մուտքը ազատ է: Ներկայացումը կազմակերպած է «Ապրիլ» գրատունը:
Աշխատանքը նուիրուած է հայ կաթողիկոսներու ծիսական հանդերձի ծագումին եւ զարգացման պատմութեան, խորհրդաբանութեան եւ կիրառման արարողակարգին:
«Հայոց գրչութեան տարբեր կենտրոններում ստեղծուած միջնադարեան ձեռագրերում կան ծիսական հանդերձանքով պատկերուած նշանաւոր կաթողիկոսներ: Դրանք հիմք են հանդիսացել ուսումնասիրելու 13ից 18րդ դարերի կաթողիկոսական հանդերձանքը, դրա խորհրդաբանութիւնն ու արուեստաբանական մի շարք հարցեր: Նախատեսուած է մշակութաբանների, կրօնագէտների, պատմաբանների, ազգագրագէտների, բանագէտների, Հայ եկեղեցու եւ մշակոյթի հարցերով զբաղուողների եւ ընթերցող լայն հասարակութեան համար», կ՛ըսուի հատորին բացատրականին մէջ:
Սոֆի Խաչմանեան ծնած է Երեւան եւ մասնագիտացած է Երեւանի Գեղարուեստի թիւ 8 ուսումնարանին մէջ՝ ստանալով ձեռագործի վարպետի կոչում: 1988էն ի վեր ան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ եւ հագուստ ձեւաւորելու մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Fashion Institute of Design and Merchandising-ի, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արուեստի բաժանմունքին մէջ։
Առաւել քան երկու տասնամեակներէ ի վեր ան Լոս Անճելըսի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կը դասաւանդէ հագուստի ձեւաւորման եւ պատմութեան վերաբերեալ դասընթացքներ: Ան նաեւ կ՛ուսումնասիրէ կեսարացի մեծահարուստ Թելֆէյեան ընտանիքին պատկանող Լոս Անճելըսի հաւաքածոները եւ կը համագործակցի «Արարատ» թանգարանին հետ, ինչպէս նաեւ կը ղեկավարէ «Ստեղծարար Ձեռքեր» մանկական արուեստի դպրոցը եւ կը զբաղի ժանեակագործութեամբ եւ թաղիքագործութեամբ:
Ներկայացման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին։